2017-11-23 12:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 23 նոյեմբերի պաշտօնական հանդիպումներն ու խաղաղութեան աղօթքի արարողութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 23 նոյեմբեր 2017-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Մոնթենեկրոյի նորանշանակ դեսպանը՝ Տիար Միոտրակ Վլահոժիչ, հաւատարմագրերու ներկայացումի առիթով, ապա յաջորդաբար ընդունեց Կարդինալ Պշարա Պութրոս Ռային, Մարոնիթ համայնքի Պատրիարք, գերապայծառ Ճովաննի Տ՛Անիելլոն՝ Պրազիլի մէջ առաքելական նուիրակ, գերապայծառ Ճաքոմօ Կուիտօ Օթթոնելլօ՝ Սլովաքիօ մօտ առաքելական նուիրակ եւ գերապայծառ Վիթուս Հուանտր՝Զուիցերիոյ Շուր թեմին եպիսկոպոսը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ընդունեց Ֆրանչիսկեան ընտանիքին առաջին ու երրորդ կարգի միաբան անդամները՝ իսկ յետմիջօրէին, Ան՝  Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքաին մէջ կը նախագահէ Հարաւային Սուտանի եւ Քոնկոյի Հանրապետութիւններուն խաղաղութեան նուիրուած աղօթքի արարողութիւնը։

Ֆրանչիսկեան միաբանութեան անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն ուղղեց ճառ մը որուն սկիզբը բարի գալուստ մաղթեց անոնց ու շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց տածած աշխատանքին համար՝ յատկապէս ի նպաստ աղքատներուն։

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց միաբանութեան կանոնագրքի մէջ պարունակուած  «կրցեր» բառին ու բառի խոր նշանակութեան միաբանական կեանքէն ներս. որ կը պահանջէ եղբայրական յարաբերութիւն ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու մատնանշեց Սուրբ Ֆրանչիսկոսի ներշնչումին՝ կրցերութիւնը ընտրելու որպէս եղբայրութեան հիմնական տարր։ Ներշնչում մը որ յառաջ եկած է Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան պատկերէն՝ Ան որ դարձաւ փոքր ու աղքատ - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ Ֆրանչիկսոսի կեանքը յատկանշուեցաւ  աղքատ Աստուծոյ հետ հանդիպումով, որ մեր մէջ ներկայ է Նազովրեցի Յիսուսի միջոցաւ, խոնարհ ու թաքուն ներկայութիւն մը որ Ասսիզիի աղքատիկը կը պաշտէր՝ մարդեղութեան, խաչին ու սուրբ հաղորդութեան մէջ։

«Ֆրանչիսկեան կրցերութիւնը ձեզի համար Աստուծոյ հետ հանդիպումի ու հաղորդութեան պահ է, պահ եղբայրներու հետ հանդիպումին ու հանդիպում նաեւ արարչութեան հետ» յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ բացատրելով այս երեք հանդիպումներու իմաստը ու մեկնելով առաջին հանդիպումէն այն է «Կրցերութիւնը որպէս հանդիպում Աստուծոյ հետ»։ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի համար մարդը ոչ մէկ սեփականութիւն ունի եթէ ոչ մեղքը, եւ ան արժէքաւոր է այնքանով որ արժէք ունի Աստուծոյ առջեւ՝ ոչ աւելին։ Ասոր համար Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը ըլլալու է խոնարհ ու հեզ յարաբերութիւն, նման մանուկի մը։ Բոլոր բարիքները որ մեր մէջ կը գտնուին պարգեւներն են Անոր որ Սուրբ Ֆրանչիսկոսին համար «ԲԱՐՈՒԹԻՒՆ» է ու ամէն ինչ պէտք է Անոր վերադարձնել, ու այս կարելի է փառաբանութեան, պաշտամունքի ու աւետարանական նուիրումի միջոցաւ, որ մեզ կը մղէ դուրս ելլելու մենք մեզմէ հանդիպելու համար ուրիշներուն ու զանոնք ընկալելու մեր կեանքին մէջ, հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու ակնարկեց երկրորդ կէտին՝ այն է կրցերութիւնը որպէս հանդիպում եղբայրներուն ու բոլոր մարդոց եւ կիներուն հետ,  այս առընչութեամբ թելադրելով խուսափիլ «գերազանցութեան» վարուելակերպէն ու ապրիլ կրցերութիւնը որպէս աղքատութեան արտայայտութիւն, արժեւորելով այն ինչ որ դրական է ուրիշին մէջ ու զայն ընկալելով որպէս Տիրոջ պարգեւ մը՝ ցուցաբերելով ողորմածութիւնը, որովհետեւ առանց ողորմածութեան չկայ  ոչ եղբայրութիւն եւ ոչ ալ կրցերութիւն, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ կրցերութիւնը ապրուելու է բոլոր մարդոց ու կիներու հետ յարաբերութեան մէջ, ինչպէս յայտնած է նոյնինքն Սուրբ Ֆրանչիսկոսը միաբանութեան կանոնագիրքին մէջ ուր ան կ՛ընդգծէ ոչ մէկ բան սեփականացնելու հարկաւորութիւնը ու իւրաքանչիւր անհատի սիրալիր ընկալումը, ու յատկապէս ամենափոքրերուն ու ընկերութենէն անտեսուածներուն հետ կեանքը կիսելու հրամայականը։

«Սուրբ Ֆրանչիսկոսի այս խօսքերը կը մղեն մեր ապրելակերպի մասին խղճի քննութիւն կատարելու» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց ներկաները հետեւելու Սուրբին ուսուցումներուն եւ մօտիկ ըլլալու բոլոր անոնց որոնք կարիքն ունին մօտիկութեան՝ հիւանդներ, տարեցներ, գաղթականներ, աշխատազուրկ երիտասարդներ ու տարեցներ, մարդիկ, կիներ ու մանուկներ ու բոլոր անոնք որոնք կը փնտռեն արժանավայել կեանք մը, կամ կ՛ապրին գոյութենական արուարձաններու մէջ, զրկուած  արժանապատուութենէ ու Աւետարանի լոյսէն։

«Ձեր սրտերը բացէք եւ ընկալեցէք մեր ժամանակներուն բորոտները» յորդորեց ուղղեց ապա Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով անոնց ցուցաբերել ողորմութիւն, ինչպէս ըրաւՍուրբ Ֆրանչիսկոսը որ եղաւ  հիւանդ հիւանդներուն հետ ու տառապող տառապեալներուն հետ։

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց երրորդ յարաբերութեան՝ այն է «կրցերութիւնը որպէս վայր արարչութեան հետ հանդիպումի» ու այս առընչութեամբ մատնանշեց Ասսիզիի Սուրբին՝ արարչութեան նկատմամբ վերաբերմունքին։ Ան արդարեւ արարչութիւնը կը նկատեր որպէս քոյր մը, որուն հետ կիսել կեանքը, եւ որպէս գեղեցիկ մայր մը՝ որ մեզ կ՛ընկալէ իր բազուկներուն մէջ։

Այսօր, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, այս քոյրն ու մայրը շահագործուած են ու ձեզմէ կը խնդրեմ որ երկխօսութիւն հաստատէք համայն արարչութեան հետ, անոր տալով ձեր ձայնը՝ փառաբանելու համար Արարիչը ու Սուրբ Ֆրանչիսկոսի նման հոգ տանելով անոր, համագործակցելով հասարակաց տան հոգատարութեան ի սպաս նախաձեռնութիւններուն, եւ միշտ ի միտ ունենալով այն յարաբերութիւնը որ գոյութիւն ունի աղքատներու ու կենսոլորտի դիւրաբեկութեան միջեւ, ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը եզրափակեց կրկնելով Սուրբ Ֆրանչիսկոսին խնդրանքը «թող ըլլան կրցերներ։ Աստուած պահպանէ ու աճեցնէ ձեր կրցերութիւնը» ապա բոլորին վրայ հայցեց Տիրոջ օրհնութիւնները եւ ինչպէս միշտ խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.