2017-11-22 09:17:00

Արցախի մէջ ականի պայթումէն երեք զինծառայող զոհուած է


Նոյեմբեր 21-ին` ժամը 18:35-ի սահմաններուն, ՊԲ հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, ականի պայթումէն զոհուած են ՊԲ զինծառայողներ Գեղամ Կորիւնի Զաքարեանը (1995-ի ծնունդ), Սարգիս Գուրգէնի Աբրահամեանը (1998-ի ծնունդ) եւ Սարգիս Մհերի Մելիքեանը (1997-ի ծնունդ):

Զինծառայող, 1998-ի ծնունդ Նարեկ Հայկի Հովէյեանը վիրաւորուած է: Անոր վիճակը կը գնահատուի ծանր:

Արցախի ՊՆ-ին տեղեկութիւններով՝ դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

«Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողներու ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.