Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Պաշշար Ասատ Նոյեմբեր 20-ի երեկոյեան Սոչիի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին համաձայնած են, որ Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւնը կը մօտենայ աւարտին եւ այժմ հարկաւոր Է անցնիլ քաղաքական գործընթացներուն:
Երկու երկիրներու ղեկավարներուն հանդիպման սղագրութիւնը հրապարակուած Է Քրեմլի կայքին մէջ, կը տեղեկացնէ «Արմենփրես»-ը:
«Կը կարծեմ` այժմ ամենագլխաւորը, ի հարկէ, քաղաքական գործընթացներուն անցնիլն է, եւ ես գոհունակութեամբ կը նշեմ Ձեր պատրաստակամութիւնը աշխատելու բոլոր անոնց հետ, որոնք խաղաղութիւն ու կարգաւորում կը ցանկան»,- ըսած Է Ռուսիոյ նախագահը:
«Այս ժամանակաշրջանին մեծ յաջողութիւններ ձեռք բերուած են ինչպէս անմիջականօրէն մարտի դաշտին, այնպէս ալ քաղաքական առումով: Սուրիոյ բազմաթիւ շրջաններ ազտագրուած են ահաբեկիչներէն, եւ այդ շրջաններ կրցած են վերադառնալ այն սուրիացիները, որոնք նախապէս հարկադրուած էին լքելու զանոնք»,- նշած Է Ասատ: «Պէտք Է ընդունել, որ այդ գործողութիւնը թոյլ տուաւ առաջ մղել քաղաքական կարգաւորումը Սուրիոյ մէջ»,- աւելցուցած է ան:
Ասատ յայտարարած է, որ կ՛ակնկալԷ Ռուսիոյ աջակցութիւնը Սուրիոյ քաղաքական կարգաւորման հարցով: «Մենք կ՛ողջունենք բոլոր անոնց, որոնք իրապէս շահագրգռուած են քաղաքական կարգաւորմամբ, մենք պատրաստ ենք անոնց հետ երկխօսութիւն վարելու»,- ըսած Է Ասատ:
ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին Նոյեմբեր 20-ին Սոչիում բանակցութիւններ վարած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, որ Ռուսիա ժամանած է աշխատանքային այցով: Ռուսիոյ ղեկավարը նաեւ Ասատին ներկայացուցած է ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի ղեկավարութիւնը:
All the contents on this site are copyrighted ©. |