2017-11-21 09:37:00

Նիւ Եորքի գործարանի մը մէջ երկու պայթում արձանագրուած է:


Ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք նահանգի Նիւ Ուինտսըր գիւղաքաղաքին մէջ գեղեցկագիտական արտադրութիւններու գործարանի մը մէջ երկու պայթում արձանագրուած է:

Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, երկու պայթումներուն պատճառով արձանագրուած են աւելի քան 30 վիրաւորներ, որոնցմէ երկուքը անդամ են քաղաքային պաշտպանութեան ուժերուն: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, վիրաւորներուն թիւը 33 է:

Ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ երկու պայթումները պատճառած են 20 վիրաւորներ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.