2017-11-21 08:23:00

«Populorum Progressio» եւ «Laudato Si» երկու շրջաբերականներու նուիրուած գիտաժողով։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 23 եւ ուրբաթ 24 նոյեմբերին, Վատիկանի Սիւնհոդոսական նոր դահլիճին մէջ կազմակերպուած է գիտաժողով մը, նուիրուած Պօղոս Զ. Քահանայապետի «Populorum Progressio» եւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի «Laudato Si» երկու շրջաբերականներու 50 տարուան միջոցին։

Գիտաժողովի նպատակն է քննարկումի հարթակ մը ստեղծել՝ խորհրդակցելու աշխատանքի աշխարհի եւ ներկայ ընկերային կառոյցներու մէջ մասնագիտական գործունէութեան հայող հարցերու շուրջ, օգտուելով գիտաժողովին ներկայ զանազան արհեստակցական շարժումներու նպաստէն։ Յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի Եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցման հայող մասերուն, ինչպէս նաեւ պիտի կատարուին երեւան եկող ընկերային իրականութիւններու վերլուծումներ։ Հիմնականին պիտի կենդրոնացուի մարդկային համապարփակ զարգացումի մը նիւթական եւ հոգեւոր երեւոյթներուն վրայ։

Համագումարի մասնակիցները պիտի խորանան Երանելի Պօղոս Զ. Պապի «Populorum progressio» (Ժողովուրդներու Զարգացումը) շրջաբերականին, եւ անոր հրապարակումէն յիսուն տարի վերջ լոյս տեսած Ֆրանչիսկոս Պապի «Laudato si»  (Գովեալ լիցի) շրջաբերականին վրայ, ուր Սրբազան Հայրը կը գրէ՝ «Աշխատանքը անհրաժեշտութիւն մըն է, եւ մաս՝ երկրագունդի վրայ կենաքի իմաստին, եւ հասունացման, մարդկային զարգացման եւ անձի իրականացումին ճանապարհ»։

Գիտաժողովի բացումը պիտի կատարեն Պուէնոս Այրէսի ընկերային հովուականի տնօրէն՝ Հայր Քարլոս Աքքափութօ ինչպէս նաեւ արհեստակցական ընկերութեան մը ղեկավարը։ Զեկոյցներ պիտի ունենան Սուրբ Աթոռի Մարդկային Համապարփակ Զարգացման Ծառայութեան Բաժանմունքի կառավարիչ՝ Կարդինալ Փիթըր Թուրքսոն եւ Աշխատանքի Միջազգային Կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն՝ Կի Ռայտըր։ Զեկուցողներու շարքին են բազմաթիւ մասնագէտներ, ընկերային եւ համալսարանական շրջանակներու ներկայացուցիչներ եւ ղեկավարներ, ինչպէս նաեւ աստուածաբաններ։

Ձեռնարկին ներկայ պիտի գտնուին աւելի քան 40 երկիրներու պատուիրակութիւններ, աշխատաւորներու քրիստոնեայ շարժումներու ներկայացուցիչներ եւ աշխատանքի միջազգային կազմակերպութիւններու հեղինակութիւններ։

Ուրբաթ, 24 նոյեմբերին, կէսօրէն ետք, նախատեսուած է հանդիպում մը Ֆրանչիսկոս Պապի հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.