2017-11-20 09:26:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կէսօրուան ճաշը բաժնեկցեցաւ 1500 կարիքաւորներու հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 19 նոյեմբեր 2017-ին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ աղքատներու համաշխարհային օրուան առիթով մատուցած սուրբ զոհէն եւ իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ ուղղուեցաւ Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահ՝ մասնակցելու համար աղքատներու համաշխարհային օրուան առիթով 1500 կարիքաւորներու ի նպաստ սարքուած հիւրասիրութեան մինչ այլ կարիքաւորներ հիւրընկալուեցան Հռոմի եկեղեցական ու բարեսիրական հաստատութիւններու մօտ։ 

Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ՝ գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլային արտասանած ողջոյնի խօսքէն ետք խօսք առաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը բարի գալուստ մաղթելով բոլորին ապա հրաւիրելով որ ամէն մին՝ ուրիշներու նկատմամբ  իր բարի կամքով ու բարեկամութեան լի սրտով պատրաստուի բաժնեկցելու ճաշը, մէկը միւսին մաղթելով ամէն բարիք։  Սրբազան Քահանայապետը ապա ներկաները հրաւիրեց աղօթել Տիրոջ որպէսզի մեզ օրհնէ եւ օրհնէ այս կերակուրը, օրհնէ անոնք որ զայն պատրաստեցին ու օրհնէ մեզ բոլորս, մեր սրտերը, մեր ընտանիքները, մեր իղձերը, ինչպէս նաեւ մեր կեանքը, մեզի պարգեւելով առողջութիւն եւ ուժ։ Սրբազան Քահանայապետը հուսկ աւելցուց «Օրհնութիւն մըն ալ նաեւ բոլոր անոնց որոնք Հռոմի այլ ճաշասենեակներու մէջ են այսօր» ու հրաւիրեց ծափահարութիւնով ողջունել զանոնք»։  








All the contents on this site are copyrighted ©.