2017-11-20 08:11:00

Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի Ընդհանուր Քարտուղարութեան հաղորդագրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի Ընդհանուր Քարտուղարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Քարտուղարութեան խորհրդակցական ժողովի աւարտին, որ գումարուած է տարւոյս 16-17 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 2018ի հոկտեմբեր 3-28ը գումարուելիք Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի 15րդ Օրինաւոր Ընդհանուր Ժողովին իբր զեկուցող անուանած է Պրազիլիա քաղաքի Արքեպիսկոպոս եւ Պրազիլի Եպիսկոպոսական Ժողովի Նախագահ Կարդինալ Սերճօ Ռոչա, եւ իբր մասնաւոր քարտուղարներ՝ Յիսուսեան Միաբանութենէն Հայր Ճաքոմօ Քոսթա եւ Սալեզեան Միաբանութենէն Հայր Ռոսսանօ Սալա։ Երկու քարտուղարներու անուանումը կատարուած է ըստ Լատին Եկեղեցւոյ Օրինագիրքի 348րդ յօդուածին, ուր նախատեսուած է, թէ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի քարտուղարութեան պաշտօնը կարելի է յանձնել նաեւ ոչ եպիսկոպոսներու։

2018ի Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը պիտի քննարկէ երիտասարդներու ինչպէս նաեւ կոչումի ատակութեան յստակումի հայող հարցերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.