2017-11-19 12:30:00

Մարեմեան աղօթք՝ աղքատներու համաշխարհային օրուան առթիւ։ Կոչ Լիբանանի կայունութեան համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 19 նոյեմբեր 2017-ին Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ, աղքատներու համաշխարհային օրուան առթիւ մատուցած սուրբ պատարագէն ետք, Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուց խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան Աւետարանի ընթերցումէն որ քաղուած էր Մատթէոս (25, 14-30) Աւետարանիչէն, ուր Յիսուս կը պատմէ քանքարներու առակը։

Սրբազան Հայրը ակնարկելով անիրաւ ծառայի վերաբերմունքին որ տիրոջ իրեն յանձնուած քանքարը չի շահագործեց ու վախէ մղուած զայն պահեց ու տիրոջ վերադարձին անոր վերադարձուց զայն, հաստատեց թէ վախը կը մղէ յանգելու ապահովուած լուծումներու ու այնպէս կ՛ընէ որ ոչ մէկ առաջարկ ու բարի գործ կատարենք։

Այս առակը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, կարեւոր է հասկնալու համար Աստուած։ Պէտք չէ մտածենք թէ Ան խիստ կամ չար Տէր մըն է որ մեզ կ՛ուզէ պատժել։ Ան ողորմութեան ու գթութեան Աստուած է, այնպէս ինչպէս զայն մեզի յայտնեց Յիսուս՝ որպէս Հայր մը լի սիրով, քնքշութեամբ ու բարութեամբ։ Ասոր համար պէտք է Անոր վրայ դնենք մեր բոլոր վստահութիւնը - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամը բարեխօսութիւնը՝ որպէսզի շարունակենք մնալ հաւատարիմ Աստուծոյ կամքին, կրկնապատկելով մեզի յանձնուած քանքարները, օգտակար դառնալով ուրիշներուն, որպէսզի կեանքի վերջալոյսին ընկալուինք Տիրոջմէ՝ որ մեզ պիտի հրաւիրէ մասնակցելու իրեն ուրախութեան - ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը ու Հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն մասնակցութեամբ  արտասանեց Մարեմեան աղօթքը, որմէ ետք ողջունելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները յիշեց թէ երէկ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ Երանելի հռչակուեցաւ Ֆրանչեսքօ Սոլանօ Քահանան որ իր կեանքը նուիրած էր աղքատներուն։ Թող որ Անոր օրինակը օգնէ քահանաները, կրօնաւորներն ո աշխարհականները ուրախութեամբ ապրելու կապը ընդմէջ Աւետարանի հռչակումին ու աղքատներու սիրոյն - ըսաւ Սրբազան Պապը -  դիտել տալով թէ այս է նաեւ այսօրուայ Աղքատներու Համաշխարհային օրուան նպատակը։ Ան ապա մաղթանք յայտնեց որ աղքատները ըլլան միշտ հասարակութիւններու կեդրոն՝ ոչ միայն այսպիսի առիթներու ընթացքին, այլ մշտապէս, որովհետեւ՝ հաստատեց Ան, անոնք Աւետարանի սիրտն են ու անոնց մէջ կը հանդիպինք Յիսուսին։

Սրբազան Քահանայապետը  ուզեց յատուկէն յիշել պատերազմի ու հակամարտութիւններու թիրախ ժողովուրդները ու իր կոչը նորոգեց միջազգային հասարակութեան յանձնառութեամբ ամէն ջանք դափելու ի նպաստ խաղաղութեան, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ։ Ան ապա յատուկէն յիշեց Լիբանանի ժողովուրդը ու իր աղօթքը վստահեցուց Երկրին կայունութեան համար, որպէսզի, ըսաւ Քահանայապետը, Լիբանանը շարունակէ ըլլալ «պատգամ» յարգանքի ու համակեցութեան, համայն տարածաշրջանին ու համայն աշխարհին համար։

Կ՛աղօթեմ նաեւ անյայտ ճակատագրով Արժանթինի սուզանաւի անձնակազմին համար, ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու անդրադարձաւ այսօր նշուող ՄԱԿ-ի  ճանապարհային զոհերու օրուան։

Ֆրանչիսկոս Պապ Մարեմեան աղօթքը եզրափակեց ողջունելով ուխտաւորներու զանազան խումբերը ու  բոլորին մաղթելով  բարի կիրակի ու խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.