2017-11-18 11:56:00

Քահանայապետին նամակը առողջութեան անհաւասար երաշխաւորումի հարցին հայող համագումարին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Նոյեմբեր 16-18ին, Վատիկանի մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան բաժանմունքը, համագործակցութեամբ Կաթողիկէ Առողջապահական Հաստատութիւններու Միջազգային Դաշնութեան, կազմակերպած է միջազգային 32րդ համագումարը, որ տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի Սիւնհոդոսական Նոր Դահլիճին մէջ։ «Դիմակայել առողջութեան հարցի հայող համաշխարհային անհաւասարութիւնները» - այս է համագումարի քննարկման նիւթը, նկատի առնելով առողջապահութեան միջոցներու անհաւասար բաժանումը զանազան երկիրներու եւ շրջաններու միջեւ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այս առիթով պատգամ մը յղած է Կարդինալ  Փիթըր Քոտվօ Ափիահ Թուրքսոնին, ղեկավար յիշեալ բաժանմունքին։

Սրբազան Հայրը կը յիշէ նախորդ տարուան համագումարը, ուր անդրադարձ կատարուած էր աղքատ եւ հարուստ երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող անհաւասարութեան, եւ ուր որոշում կայացուած էր՝ շօշափելի կերպով դիմագրաւել այս խնդիրը, ինչպէս նաեւ ընկերային, տնտեսական, կենսոլորտային եւ մշակութային ազդակները։ Եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ այս հարցի նկատմամբ, «գիտակցելով, թէ իր առաքելութիւնը ուղղուած է մարդկային էակի ծառայութեան, որ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին նման», կը շեշտէ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ կը նկատէ, թէ Եկեղեցին պարտաւոր է պարտականութիւն ստանձնել նաեւ մարդու արժանապատուութեան եւ անոր անձեռնմխելի իրաւունքներու հոգատարութեան։

Առողջութեան պահպանումի իրաւունքի եւ արդարութեան իրաւունքի ներդաշնակումը կ՛երաշխաւորուի առողջապահական կառոյցներու եւ դրամական միջոցներու հաւասար բաժանումով՝ ըստ զօրակցութեան եւ օժանդակութեան սկզբունքներուն։ Սրբազան Պապը ասոր առընչութեամբ կը յիշեցնէ առողջապահութեան աշխատողներու սկզբունքներու նոր փաստաթուղթը։ Ան գոհունակութիւն կը յայտնէ, թէ համագումարը ծրագիր մը կազմած է, մարտահրաւէրներու դիմագրաւման համար, հաստատելով բաժնեկցութեան եւ համագործակցութեան գործունեայ հարթակ մը կաթողիկէ առողջապահական հաստատութիւններու միջեւ, որոնք ներկայ են զանազան աշխարհագրական եւ ընկերային պարագաներու մէջ։

Ապա Սրբազան Հայրը կը մանրամասնէ գործունէութեան բնագաւառները, տալով յորդորներ՝ զանազան մարզերու մէջ իրականացնելի թանձրացեալ գործունէութեան, միշտ պահպանելով հաւասարութեան իրաւունքը, եւ արթնացնելով հարուստ երկիրներու զգայնութիւնը՝ աղքատ երկիրներու հանդէպ։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ կը նկատէ թէ եղբօր առողջութեան նուիրեալ անձը կը ծառայէ Տիրոջ։ Ան կը յիշեցնէ եւ կը մեկնաբանէ Բարի Սամարացիին առակը, շեշտելով կարեկցութեան անհրաժեշտութեան վրայ։ Սրբազան Հայրը կը նկատէ, թէ «կարեկցութիւնը, նաեւ արդարութիւնը կերտելու առանձնաշնորհեալ ճանապարհ մըն է, որովհետեւ մեր անձը ուրիշի վիճակին մէջ դնելը, ոչ միայն մեզի թոյլ կու տայ շփում ունենալ նեղութիւններու, դժուարութիւններու եւ վախերու հետ, այլ նաեւ մեզ ատակ կը դարձնէ՝ իւրաքանչիւր մարդկային էակ բնորոշող դիւրաբեկութեան մէջէն երեւան բերել իւրայատուկ արժէքի թանկագնութիւնը, այսինքն՝ արժանապատուութիւնը։ Որովհետեւ մարդկային արժանապատուութիւնը արդարութեան հիմն է, մինչ իւրաքանչիւր մարդու անգնահատելի արժէքը յայտնաբերելը ա՛յն ոյժն է, որ մեզ կը մղէ խանդավառութեամբ եւ ինքնուրացումով գերազանցելու անհաւասարութիւնը։»








All the contents on this site are copyrighted ©.