2017-11-18 09:45:00

Բախումներ Աթէնքի մէջ


Ուրբաթ, 17 նոյեմբերին,  Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ ոստիկանութիւնը բախում ունեցաւ դիմակաւորուած երիտասարդներու հետ: Սոյն բախումը արձանագրուեցաւ 1973-ին երկրին իշխած զինուորական խորհուրդին դէմ ծաւալած ուսանողական արիւնալի ըմբոստութեան յիշատակին հազարաւոր յոյներ համախմբած երթէն ետք:

Աւելի քան 10 հազար հոգի խաղաղ քայլարշաւ մը կատարեցին դէպի Աթէնքի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուն, որովհետեւ շատեր Ուաշինկթընը կ՛ամբաստանեն երկրին 7 տարի իշխած զինուորական իշխանութեան աջակցելու յանցանքով: Յունական իշխանութիւնները մօտ 5 հազար ոստիկան տարածած էին կեդրոնական Աթէնքի փողոցներուն մէջ:

Քայլարշաւէն ետք դիմակաւոր երիտասարդներ քարկոծեցին ոստիկանները եւ անոնց ուղղութեամբ այրող ռումբեր արձակեցին, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ ոստիկանները արցունքաբեր ռումբեր արձակեն` ցուցարարները ցրուելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.