2017-11-17 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը Մայանմար կատարելիք ճամբորդութեան նախօրեակին։


(Ռատիօ Վատիկան) «Սիրելի բարեկամներ, մինչ կը պատրաստուիմ այցելելու Մայանմարը, կը փափաքիմ ողջոյնի ու բարեկամութեան խօսք մը ուղարկել համայն Մայանմարի ժողովուրդին»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը սկսի Մայանմարի ժողովուրդին ուղարկած լսատեսողական պատգամը, յառաջիկայ օրերուն  (26-30 նոյեմբեր) Մայանմար կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին։

Նորին Սրբութիւնը ապա կը հաստատէ թէ «կու գամ հռչակելու Յիսուս Քրիստոսի աւետարանը, հաշտութեան, ներումի ու խաղաղութեան պատգամ մը. Իմ այցելութիւնս կ՛ուզէ ՝ Մայանմարի կաթողիկէ հասարակութիւնը վերահաստատել Աստուծոյ վրայ իր հաւատքին մէջ ու Աւետարանի վկայութեան մէջ, որ ամէն մէկ այր ու կնոջ կը սորվեցնէ արժանապատուութիւն, ու կը պահանջէ  բանալ մեր սրտերը ուրիշներուն, յատկապէս աղքատներուն ու կարիքաւորներուն։

Միեւնոյն ժամանակ կը փափաքիմ այցելել Երկիրը յարգանքի ու քաջալերանքի հոգիով այն ամէն մէկ ջանքին որ մղուած է կառուցելու ներդաշնակութիւն ու համագործակցութիւն ի նպաստ հասարակաց բարիքի ծառայութեան։ Մենք կ՛ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ ուր հաւատացեալներն ու բարի կամք ունեցող մարդիկը միշտ աւելիով կը զգան կարիքը աճելու փոխադարձ հասկացողութեան ու յարգանքի մէջ ու իրարու թիկունք կանգնելու որպէս մէկ մարդկային ընտանիքի անդամներ, որովհետեւ ամէնքս ալ Աստուծոյ զաւակներ ենք – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու պատգամը աւարտեց նշելով թէ ինք գիտակից է թէ Մայանմարի մէջ շատեր կ՛աշխատին իր ճամբորդութիւնը պատրաստելու համար, ու շնորհակալ է անոնց։

«Ձեզմէ իւրաքանչիւրէն կը խնդրեմ որ աղօթէք ինծի համար որպէսզի ձեր հետ անցնելիք օրերը կարողանան դառնալ յոյսի ու քաջալերանքի աղբիւր բոլորին։ Ձեր ու ձեր ընտանիքներուն վրայ կը հայցեմ ուրախութեան ու խաղաղութեան աստուածային օրհնութիւններ։ Ցտեսութիւն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով պատգամը։








All the contents on this site are copyrighted ©.