2017-11-17 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 17 նոյեմբերի թուիթը. «Պահանջն ունինք հանդիպելու աղքատներուն»


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ,17 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, քահանայապետական թուիթերեան կայքին վրայ կատարեց նոր գրառում մը, որուն մէջ դիտել տուաւ , որ շատ բաներ ունինք սովրելու աղքատներէն, անոնց հետ հանդիպումը նկատելով կեանքի պահանջ՝  անոնցմէ սովրելու համար բաժնեկցութեան ապրելակերպը ։  

«Կարիքը ունինք աղքատներուն հետ հանդիպելու, եւ սովրելու բաժնեկցութիւնը մը, որ դառնայ կեանքի ապրելակերպ»։  Գրեց Ֆրանիչկսոս Պապ իր այսօրուան  թուիթին մէջ։   








All the contents on this site are copyrighted ©.