2017-11-17 09:10:00

Եւրոպական խորհրդարանը ընդունած է Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցող բանաձեւ


Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տապալած է ազրպէյճանական խեղաթիւրումներու լայնածաւալ փորձը, որ նպատակ ունէր անգամ մը եւս խաթարել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած միջազգային հանրութեան ջանքերը, ինչպէս նաեւ Արեւելեան գործընկերութեան պրիւքսելեան վեհաժողովին ընդառաջ ստուերել Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու վերընթաց զարգացումը:

Ազրպէյճանական կողմի ապակառուցողական քայլերը կարելի եղաւ տապալել Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան եւ Պրիւքսէլի մէջ գործող հայ ազգային կազմակերպութիւններու կողմէ իրականացուած նպատակային աշխատանքին շնորհիւ:

15 նոյեմբերին Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստը ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ ընդունած է նոյեմբերին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին ընդառաջ բանաձեւ, ուր արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով ուղղակիօրէն ճանչցած է Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը` փաստօրէն, կրկնելով 5 յուլիս 2017-ի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 72-րդ նստաշրջանին կապակցութեամբ ընդունուած բանաձեւի նախադէպը, երբ Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան ջանքերով Եւրոպական խորհրդարանը աննախադէպ կերպով առաջին անգամ ըլլալով ամրագրած էր Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: Այս բանաձեւը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, քանի որ Արեւելեան գործընկերութեան պրիւքսելեան վեհաժողովին ընդառաջ անիկա կը սահմանէ համագործակցութեան ակնկալիքները, ինչպէս նաեւ կ՛ուրուագծէ Արեւելեան գործընկերութեան հետագայ զարգացման տրամաբանութիւնը, ուստի զարմանալի չէր, որ ազրպէյճանական կողմը մեծ ջանքեր ներդրած էր բանաձեւին հիմնական ուղերձը եւ անոր տրամաբանութիւնը խաթարելու համար: Մասնաւորապէս` ազրպէյճանական կողմը իրեն յատուկ մեթոտներով հասած էր հոն, ուր բանաձեւի նախագիծին մէջ ներկայացուած էին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին եւ Հայաստանի դէմ ուղղուած աւելի քան քսան լրացումներ, որոնք ի շարս այլոց` Լեռնային Ղարաբաղը կը ներկայացնէին իբրեւ Ազրպէյճանի մաս, կը պարունակէին այլ ազրպէյճանամէտ ձեւակերպումներ, կը պահանջէին գաղթականներու անվերապահ վերադարձ եւ այլն: Այնուամենայնիւ, հայկական կողմի նպատակային գործունէութեան եւ եւրոպական կողմի սկզբունքային դիրքորոշումին շնորհիւ Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին տեղի ունեցած քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան նպատակային ու յամառ աշխատանքով կարելի եղաւ տապալել ազրպէյճանական կողմին ջանքերով ներկայացուած բոլոր ապակառուցողական լրացումները:

Աւելի՛ն` անգամ մը եւս ամրագրուեցաւ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը:

Բանաձեւին մէջ ո՛չ միայն կանխուեցաւ այնպիսի դրոյթի ներառումը, ուր Հայաստանը քննադատութեան կ՛ենթարկուէր Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու համար, այլեւ Հայաստանը բանաձեւին մէջ վկայակոչելը նկատուեցաւ դրական օրինակ, որ կը կամրջէ այդ երկու համարկումի հարթակները` Եւրոպական Միութիւնը եւ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը: Ազրպէյճանական հերթական սադրանքը Պրիւքսելի մէջ լուրջ հակահարուած ստացաւ հայկական դիւանագիտութեան կողմէ` յօգուտ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին եւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու վերընթաց զարգացման








All the contents on this site are copyrighted ©.