2017-11-17 07:30:00

«Ռացինկեր մրցանակի» շնորհման արարողութիւնը Վատիկանի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ՝ 18 նոյեմբեր 2017-ին Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենայ «Ռացինկեր մրցանակի» 7-րդ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը։ Ձեռնարկին ներկայացումը տեղի ունեցած էր անցեալ 26 սեպտեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին որուն առթիւ ներկայացուեցան Ժոզէֆ Ռացինկեր – Պենետիկտոս ԺԶ հիմնարկի այլ միջոցառումներ որոնց շարքին՝ Մատրիտի  «Universidad Francisco» համալսարանի հետ համագործակցութեամբ  «բաց պատճառաբանութիւն» մրցանակաբաշխութիւնը, որ տեղի ունեցաւ 27 սեպտեմբեր 2017-ին Վատիկանի Գիտութեան կաճառի կեդրոնին մէջ, հուսկ Միջազգային 7-րդ համաժողովը որուն նիւթը պիտի ըլլայ  «Գովեալ ըլլաս. Հասարակաց  տան խնամակալութեան ի խնդիր, հարկաւոր դարձ դէպի մարդկային բնապահպանում» եւ որ տեղի պիտի ունենայ Քոսթա Ռիքայի մէջ՝ 29 նոյեմբերէն – 1 դեկտեմբեր 2017-ին, Քոսթա Ռիքայի Կաթողիկէ համալսարանի համագործակցութեամբ։

2017 տարուայ Ռացինկեր մրցանակի արժանացան՝ գերմանացի Լուտերական Աստուածաբան Թէոտոր Տիեթէր՝ համամիութենական երկխօսութեան յանձնառումին համար, Քարլ Հէյնզ Մէնքէ՝ գերմանացի Կաթողիկէ Քահանայ ու Ժոզէֆ Ռացինկեր աստուածաբանի հմուտ մասնագէտ, ապա՝  օրթոտոքս երաժիշտ  Արվօ Փարդ, հոգեւոր երաժշտութեան մասնագէտ։

Վատիկանեան Ժոզէֆ Ռացինկեր – Պենետիկտոս ԺԶ հիմնարկը այս մրցանակով կը փափաքի Եկեղեցւոյ գնահատանքը յայտնել այն անձնաւորութիւններուն որոնք իրենց հետազօտական ու դասատուի ասպարէզէն ներս իրագործած են յատկանշական աշխատանքներ եւ ուսումնասիրութիւններ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.