2017-11-17 09:17:00

7-8 դեկտեմբերին Վիեննայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Նալբանդեան-Մամետեարով հանդիպումը


Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի  համանախագահներիուն հետ:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Հիքմեթ Հաճիեւ կը տեղեկացնէ, որ բանակցութիւնները եղած են կառուցողական եւ առարկայական, տեղի ունեցած են յստակ  քննարկումներ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին հետ առնչուած բանակցութիւններու սեղանին դրուած բոլոր առաջարկներուն վերաբերեալ: Ըստ Հաճիեւի, ազրպէյճանական կողմը բաւարարուած է տեղի ունեցած քննարկումներով:

Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Մամետեարովը համաձայնած է հանդիպում ունենալ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին հետ, ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներու  մասնակցութեամբ, 7-8 դեկտեմբերին Վիեննայի մէջ տեղի ունենալիք  ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու նիստի շրջագիծին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.