2017-11-16 10:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը Կղերի Առաքելական միութեան դաշնակցութեան հաւաքի մասնակիցներուն։


 (Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 16 նոյեմբեր 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Կղերի Առաքելական միութեան դաշնակցութեան միջազգային հաւաքին մասնակիցները ու այս առթիւ անոնց արտասանեց ճառ մը որուն մէջ իր ուրախութիւնը յայտնեց անոնց հետ հանդիպումին համար ու անդրադարձաւ հաւաքի նիւթին որ է լուսարձակի տակ առնել հովիւներուն դերը Եկեղեցւոյ մէջ թեմական գետնի վրայ ու այդ դերակատարութեան հիմքը կազմող հոգեւորականութիւնն ու հաղորդութիւնը։

Սրբազան Հայրը մէջբերելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի խօսքերը հաստատեց թէ «հարկաւոր խթանել հաղորդութեան հոգեւորականութիւն մը որ դառնայ դաստիարակչական սկզբունք բոլոր այն վայրերուն մէջ ուր կը կազմուի մարդը ու քրիստոնեան»։ Ան ապա ընդգծեց թէ կարելի է հաղորդութեան հոգեւորականութեան մասնագէտ դառնալ ամենէն առաջ շնորհիւ ապաշխարութեան ու դէպի Քրիստոս դարձին, ինչպէս նաեւ Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեան հնազանդութեամբ, ապա եղբայրներու հիւրընկալութեամբ, որովհետեւ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, առաքելութեան պտղաբերութիւնը կախեալ չէ միայն կազմակերպչական աշխատանքէն այլ եւ ամենէն առաջ Աստուածային ներգործութենէն։ Ասոր համար այսօր ինչպէս անցեալին բոլորս ալ կանչուած են ձգտելու սրբութեան առ աւելիով անոնք որոնք նուիրագործուած են, յարեց Սրբազան Քահանայապետը, դիտել տալով թէ սրբութեան ձգտելու համար հարկաւոր է հետեւիլ Բարի Հովիւի օրինակին որ իր կեանք կու տայ ոչխարներուն համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա երկրորդ նիւթի մը՝ այն է Աստուծոյ ժողովուրդի ծառայութեան ի նպաստ հովուական գործունէութեան յանձնառումը։

Հովիւները արդարեւ կանչուած են ըլլալու իմաստուն եւ հաւատարիմ ծառաներ որ կը գործեն Տիրոջ նման ու ծառայութիւն կը մատուցեն իրենց հասարակութեան հասկնալով ու մասնակցելով անոնց ուրախութիւններուն, տխրութիւններուն, ձգտումներուն եւ յոյսերուն - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու նշեց թէ Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովը կը հաստատէ թէ նուիրագործուած անձերը սրբութեան կը հասնին երբ անխոնջ կերպով կ՛ապրին իրենց առաքելութիւնը՝ Քրիստոսի Հոգիին անկեղծ յանձնառութեամբ։ Նորին Սրբուիւնը ակնարկեց ապա թեմական եկեղեցիներու իրականութեան ու անոնց հովուական ծառայութեան ծրագիրներուն ու այդ ծրագիրներու պատշաճ կազմակերպութեան ի նպաստ ոչ միայն տեղական եկեղեցւոյ այլ այն գիտակցութեամբ թէ մաս կը կազմեն տիեզերական մէկ եկեղեցւոյ։

«Առաքելութիւնը արդարեւ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը,  ակնարկելով եկեղեցւոյ տիեզերականութեան ու առաքեալին ծառայութեան իսկական իմաստին, անձնական ընտրանք մը չէ այլ ընտրանքն է տեղական եկեղեցւոյ որ կը դառնայ դերակատար Աւետարանի հռչակումին համայն մարդկութեան»։ Ան ապա ճառը եզրափակեց ներկաներուն վստահեցնելով իր աղօթքները ու անոնց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։

«Խնդրեմ մի մոռնաք աղօթել ինծի համար, որովհետեւ ես ալ կարիքը ունիմ աղօթքին» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտելով իր խօսքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.