2017-11-16 14:08:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Աւստրիոյ նախագահին։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 16 նոյեմբեր 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Աւստրիոյ Հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար Ալեքսանտր Վան Տէ Պելէնին որ Նորին Սրբութեան հետ ունեցած հանդիպումէն ետք հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը՝ գերապայծառ Փոլ Ռիչընրտ Կալլակէր։

Սիրալիր զրոյցներու ընթացքին արծարծուեցան բարի յարաբերութիւններն ու պտղաբեր համագործակցութիւնը ընդմէջ Սուրբ Աթոռին եւ Աւստրիոյ հանրապետութեան։ Քննարկուեցան ապա երկու կողմերը շահագրգռող հարցեր ինչպէս՝ մարդ անհատի անձեռնմխելի արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը, հանդիպումի մշակոյթի խթանումը ու արարչութեան խնամքի հոգատարութիւնը։

Ի վերջոյ ընդգծեցուեցաւ նաեւ միջազգային հասարակութեան դերակատարութիւնը, աշխարհի զանազան շրջաններուն մէջ տիրող հակամարտութիւններու խաղաղ լուծում որոնելու ծիրէն ներս, վերահաստատելով նաեւ միատեղ յանձնառումը՝ ի նպաստ հիւլէական զէնքերէ զուրկ աշխարհի մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.