2017-11-15 09:18:00

Եւրոպական Միութիւնը «Պրեքզիթ»-ի պարագային Բրիտանիոյ պարտքը կը գնահատէ 60 միլիառ Եւրօ


Բրիտանիան Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու պարագային միութեան պէտք է վճարէ առնուազն 60 միլիառ եւրօ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Անթոնիօ Թայանի 13 նոյեմբերին «Ֆունքէ»-ի մէջ հրապարակուած հարցազրոյցին մէջ:

«Իմ կարծիքովս` ատիկա պիտի ըլլայ առնուազն 60 միլիառ եւրօ», ըսած է ան` նշելով, որ այն պարագային, երբ Լոնտոն մերժէ վճարել այդ գումարը, տարբերութիւնը ստիպուած պիտի ըլլան հատուցել Եւրոպական Միութեան անդամ միւս երկիրներուն քաղաքացիները:

Եւրոպական խորհրդարանի ղեկավարը նաեւ առանձնապէս ընդգծած է, որ «Պրեքզիթ»-ը սահմանուած ժամկէտին` մարտ 2019-ին, «կարելի է միայն այն պարագային, եթէ կարելի ըլլայ մինչեւ ընթացիկ տարուան վերջը համապարփակ համաձայնութեան հասնիլ երեք կարեւոր կէտերու` Բրիտանիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիներու իրաւունքներու ապահովման, Իրլանտայի ու Հիւսիսային Իրլանտայի միջեւ սահմանի եւ Եւրոպական Միութեան վճարումներու հարցերուն շուրջ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.