2017-11-14 09:26:00

Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի կը հաստատէ Լիբանան վերադարձի լուրը


ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Մէկ շաբթուան լռութենէ ետք, Լիբանանի հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի Կիրակի, Նոյեմբեր 12ին Ռիատէն հարցազրոյցով մը ներկայացաւ լիբանանցիներուն եւ ամբողջ աշխարհին՝ հաստատելով, որ «մօտ օրէն» պիտի վերադառնայ Լիբանան եւ սահմանադրութեան համաձայն հրաժարի: Հարիրի նշեց, որ ինք «Հըզպալլա»ի դէմ չէ, սակայն միաժամանակ չի կրնար համաձայն ըլլալ, որ կուսակցութիւնը իր արտաքին միջամտութիւններով վնաս հասցնէ Լիբանանին:

«Սէուտական Արաբիա կը սիրէ Պէյրութը, սակայն ո՛չ Ռիատէն աւելի: Իսկ եթէ Լիբանանի մէջ կան կողմեր, որոնք կը փորձեն հարուածել Ծոցի երկիրներուն կայունութիւնը, ապա Ծոցի երկիրները Պէյրութը իրենց երկիրներէն աւելի պիտի չսիրեն», յայտնեց ան։

Հարիրի շեշտեց, որ ապահովական կարգ մը միջոցառումներու որդեգրումէն ետք պիտի վերադառնայ Լիբանան՝ աւելցնելով, որ Լիբանանէն կը պահանջուի մնալ չէզոք, հեռո՛ւ շրջանային հարցերէ: Ան նաեւ նշեց, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ իր յարաբերութիւնները միշտ շատ լաւ եղած են՝ աւելցնելով, որ իր եւ գահաժառանգ իշխան Մուհամմատ պըն Սալմանի միջեւ կայ իւրայատուկ յարաբերութիւն մը, որ հիմնուած է փոխադարձ յարգանքի վրայ:

Լիբանանի մարոնիներու Ռայի պատրիարքին՝ Սէուտական Արաբիա այցելութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Հարիրի յայտնեց, որ անիկա պատմական այցելութիւն մը պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ փաստ մը, թէ Սէուտական Արաբիա բոլորին նկատմամբ բաց քաղաքականութիւն կը վարէ:

«Պիտի վերադառնամ Լիբանան եւ ներկայացնեմ հրաժարականս, ապա լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ պիտի սկսիմ Լիբանանը չէզոք պահելու մասին երկխօսութեան մը, դրական երկխօսութեան մը՝ բոլոր արաբներուն հետ դրական յարաբերութիւններ մշակելու իմաստով», ընդգծեց Հարիրի: Ան հարցազրոյցը եզրափակեց հաստատելով, որ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան:

Նախքան հարցազրոյցին սփռումը, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յայտարարած էր, թէ Հարիրիի յայտարարած եւ յայտարարելիք բոլոր կեցուածքները կասկածելի են, որովհետեւ կասկածներ կան, թէ անոնք ազատ կամքով արտայայտուած տեսակէտներ չե՛ն։ Աուն նաեւ կոչ ուղղած էր Սէուտական Արաբիոյ՝ յստակացնելու այն պատճառները, որոնք կ՛արգիլեն վարչապետ Հարիրիի Լիբանան վերադարձը։

Աւելի ուշ, «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ նախագահական պալատէն յայտնած են, թէ դիւանագիտական աղբիւրներ նախագահ Աունը իմացուցած են, որ վարչապետ Հարիրին ազատ չէ՛:








All the contents on this site are copyrighted ©.