2017-11-14 09:22:00

Իրան-Իրաք սահմանին վրայ երկրաշարժի զոհերուն թիւը բարձրացաւ


Իրան-Իրաք սահմանին վրայ կիրակի գիշեր արձանագրուած 7,3 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժին պատճառով Իրանի մէջ զոհերուն թիւը բարձրացաւ 445-ի, իսկ վիրաւորներունը` 7100-ի: Իսկ Իրաքի մէջ արձանագրուած են 10 զոհեր եւ 535 վիրաւորներ:

Հզօր երկրաշարժին պատճառով 70.000 իրանցիներ մնացած են անօթեւան:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երկրի ներքին գործոց նախարարութեան հրահանգեց արագ միջոցներու ձեռնարկելու` երկրաշարժէն վնասուած շրջաններու բնակիչներուն օգնութիւն տրամադրելու համար:

Երկրաշարժի ցնցումը զգացուած է նաեւ Քուէյթի, Սուրիոյ, Ազրպէյճանի, Պաղեստինի եւ Լիբանանի կարգ մը քաղաքներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հարաւային եւ կեդրոնական հատուածին մէջ:

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտնեց, թէ Թուրքիան իր ամբողջ կարելիութիւններով կը կանգնի երկրաշարժէն վնասուած «եղբայրական» Իրաքի բնակչութեան կողքին:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.