2017-11-13 13:57:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական հեռագիրերը Իրանի եւ Իրաքի սահմանին վրայ երկրաշարժին ի լուր։


(Ռատիօ Վատիկան)  Իրանի եւ Իրաքի սահմանին վրայ 7.3 աստիճան ուժգնութեամբ տեղի ունեցած երկրաշարժին ի լուր, որուն պատճառած զոհերու թիւերը ժամէ ժամ  աճ կ՛արձանագրեն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող երկու հեռագիրեր ուղղած է Իրաքի ու Իրանի մէջ երկրաշարժի թիրախներուն իր ցաւակցութիւնը, մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնելով անոնց։

«Նորին Սրբութիւնը իր ցաւը յայտնելով բոլոր անոնց որոնք սուգի մէջ են եւ կ՛ողբան իրենց սիրելիներուն կորուստը,  իր աղօթքները կ՛ապահովեցնէ մեռեալներուն համար ու զանոնք կը յանձնէ Ամենակալի ողորմութեան» գրած է Կարդինալ Փարոլին հեռագիրին մէջ աւելցնելով թէ Սրբազան Քահանայապետը մխիթարանքի եւ քաջալերանքի  օրհնութիւններ կը շնորհէ  տուժածներուն եւ արտակարգ իրավիճակներով ու  փրկարարական  գործողութիւններով զբաղողներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.