2017-11-13 14:09:00

Ոչ եւս է Մարսիլիոյ թեմի երբեմնի արքեպիսկոպոսը կարդինալ Պերնարտ Փանաֆիու


(Ռատիօ Վատիկան) Մարսիլիոյ թեմի երբեմնի արքեպիսկոպոս կարդինալ Պերնարտ Փանաֆիուի մահուան ի լուր, երկուշաբթի, 13  նոյեմբեր 2017-ին, Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ լարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայպետին ցաւակցագիր յղեց Մարսիլիոյ թեմի Արքեպիսկոպոս՝ գերապայծառ ԺորԺ Փոնթիէյի։

Ցաւակցագիրին մէջ ծիրանաւորը Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնները յայտնած է թեմի արքեպիսկոպոսին, հանգուցեալի հարազատներուն, թեմի հաւատացեալներուն,  ինչպէս նաեւ «Նոթր Տամ» հասարակութեան ։ 

«Ֆրանչիսկոս Պապ բարեգութ Աստուծմէ հայցած է,  որ  Իր խաղաղութեան եւ լոյսին մէջ ընդունի իմաստուն հովիւը,  որ Աստուծոյ բարութիւնն ու սէրը ցուցաբերած է ժողովուրդին, նախ որպէս տեղակալ եպիսկոպոս ապա որպէս թեմի արքեպիսկոպոս»,  գրած է կարդինալ Փարոլինը ու բարձր արժեւորած է ննջեցեալ կարդինալին  Մարսէյ քաղաքի մէջ զանազան կրօններու եւ մշակոյթներու միջեւ  երկխօսութիւն հաստատելու ջանքերը, ու խաղաղ համակեցութեան սատարը։

Ցաւակցագիրի աւարտին կարդինալ Փարոլին Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական օրհնութիւնները փոխանցած է նախ վախճանեալ կարդինալի հարազատներուն,  ապա թեմի հաւատացեալներուն,  ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք պիտի մասնակցին հանգուցեալ կարդինալին յուղարկաւորութեան արարողութեան ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.