2017-11-13 09:30:00

Հարիրի կը հաստատէ Լիբանան իր վերադարձի լուրը


Կիրակի, 12 նոյեմբեր 2017-ին՝ երեկոյեան ժամը 8:30-ին սփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Հարիրի նշեց, որ ինք վարժ է իրականութիւնները անկեղծօրէն ըսելու, եւ իր պարտականութիւնն է իբրեւ վարչապետ պաշտպանել Լիբանանն ու լիբանանցիները:

«Հետեւաբար, ես հրաժարեցայ Լիբանանի շահերուն համար եւ նպատակս դրական ցնցումի յառաջացումն էր», ըսաւ ան:

Հարիրի շեշտեց, որ ինք Հըզպալլայի դէմ չէ, սակայն միաժամանակ չի կրնար համաձայն ըլլալ, որ կուսակցութիւնը իր արտաքին միջամտութիւններով վնաս հասցնէ Լիբանանին:

«Սէուտական Արաբիա կը սիրէ Պէյրութը, սակայն ոչ Ռիատէն աւելի: Իսկ եթէ Լիբանանի մէջ կան կողմեր, որոնք կը փորձեն հարուածել Ծոցի երկիրներուն կայունութիւնը, ապա Ծոցի երկիրները Պէյրութը իրենց երկիրներէն աւելի պիտի չսիրեն», յայտնեց ան` աւելցնելով, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի համար կարեւոր է:

Հարիրի շեշտեց, որ ապահովական կարգ մը միջոցառումներէ ետք, ինք մօտ օրէն պիտի վերադառնայ Լիբանան եւ ըստ սահմանադրութեան հրաժարականը ներկայացնէ հանրապետութեան նախագահին, որ իսկապէս զինք իր զաւակը կը նկատէ: «Պիտի վերադառնամ Լիբանան եւ նախագահ Աունի հետ պահեմ նոյն անկեղծ յարաբերութիւնը, որ տիրական է», շեշտեց ան:

Հարիրի նկատել տուաւ, որ իր անձնական ապահովութիւնը կարեւոր չէ, որովհետեւ ինք միշտ կ՛առաջնորդուի «Նախ Լիբանանը» կարգախօսով: «Հետեւաբար քաղաքական համաձայնութեան պարագային Լիբանանի կողմէ ինքզինք չէզոք պահելու քաղաքականութիւնը չգործադրելը, իմ հրաժարականիս հիմնական պատճառներէն է: Լիբանանէն կը պահանջուի մնալ չէզոք եւ ինքզինք զերծ կացուցել շրջանային հարցերէն», ըսաւ ան:

Հարիրի նշեց նաեւ, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ իր յարաբերութիւնները անցեալին եւ ներկայիս շատ լաւ եղած են: Ան ըսաւ, որ իր եւ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի միջեւ իւրայատուկ յարաբերութիւն մը կայ, որ հիմնուած է փոխադարձ յարգանքի վրայ, հակառակ անոր որ բոլոր հարցերուն պարագային իրենք համաձայն չեն:

Ռայի պատրիարքին Սէուտական Արաբիա այցելութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հարիրի յայտնեց, որ անիկա պատմական այցելութիւն մը պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ փաստ մը, որ Սէուտական Արաբիա բոլորին նկատմամբ բաց քաղաքականութիւն կը վարէ:

«Պիտի վերադառնամ Լիբանան եւ ներկայացնեմ հրաժարականս, եւ ապա լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ պիտի սկսիմ Լիբանանը չէզոք պահելու մասին երկխօսութեան մը, դրական երկխօսութեան մը` բոլոր արաբներուն հետ դրական յարաբերութիւններ մշակելու իմաստով», ընդգծեց Հարիրի:

Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի, որ միշտ ճշմարտութեան զօրակից է` աւելցնելով, որ Լիբանան վերադառնալէ ետք, ինք պիտի այցելէ հանրապետութեան միւֆթիին:

Ան հարցազրոյցը եզրափակեց հաստատելով, որ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան:

Քաղուած Ազդակէն 








All the contents on this site are copyrighted ©.