2017-11-13 10:09:00

«Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» հատորին հանդիսաւոր շնորհահանդէսը


Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի կրօնական ժողովին երէկ` ուրբաթ, 10 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» հատորի շնորհահանդէսը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Ան նկատել տուաւ, որ «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» իր տեսակին մէջ եզակի, գունազարդ, արդիական ոճով եւ ինքնուրոյն խորք ունեցող գիրք մըն է, որ կու գայ բաց մը լրացնելու հայոց հոգեւոր գրականութեան աշխարհին մէջ` աւելցնելով, որ ասիկա մանկապատանեկան հոգեւոր գրականութեան մէջ իւրայատուկ հրատարակութիւն մըն է եւ ո՛չ միայն հայ երիտասարդին, այլ նաեւ հայ ընտանիքին, հայ դպրոցին, ու կիրակնօրեայ վարժարանին բարիք սփռելու հոյակապ միջոց մը: Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան ըսաւ, որ ներկայիս հայ պատանին կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը բազմամշակոյթ ընկերութեան մէջ եւ կեանքը դարձած է զուարճութեանց ընթացք: «Երիտասարդ ընտանիքի Աստուածաշունչ»-ը կը փորձէ Աստուծոյ խօսքին հարազատ ոգին պահելով անոր թարգմանը ըլլալ, եւ հաճելին օգտակարին խառնելով ուսուցողական ու մանկավարժական մեթոտով գոհացնել հայ երիտասարդին ներքին աշխարհը: Եզրափակելով իր խօսքը` Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան հաստատեց, որ «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» առիթ կու տայ մեր հաւատքը եւ ուխտը վերանորոգելու, Աստուծոյ խօսքը մեր տուներուն մէջ ունենալու` վերաթարմացնելով զայն մեր սրտերուն ու մտքերուն մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց դոկտորներ Հրայր եւ Արտա Ճէպէճեան ամոլին` սոյն աշխատանքը կատարելնուն համար, ինչ որ պիտի նպաստէ մեր նոր սերունդին հոգեւոր դաստիարակութեան:

Այնուհետեւ Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտներէն Սառա Ազզամ եւ Հուրի Օհանեան ընթերցումներ կատարեցին «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» հատորէն:

Հատորը ներկայացուց Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան: Ան իր խօսքի սկզբնաւորութեան շնորհակալութիւն յայտնեց Կրօնական ժողովին` ձեռնարկին կազմակերպման համար, սրբազան հօր` շնորհահանդէսի հովանաւորութեան համար եւ Մարաշի  հայրենակցական միութեան, որ սիրայօժար կերպով տրամադրած էր սրահը: Ապա ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Աստուածաշունչի ընկերութեան գործունէութիւնը եւ նպատակը, որն է թարգմանել Աստուածաշունչը այն լեզուներուն, որոնցմով տակաւին թարգմանուած չէ, նաեւ բաժնել զայն: Ան հաստատեց, որ Աստուածաշունչի ընկերութիւնը Միացեալ ազգերու կազմակերպութենէն եւ Կարմիր խաչէն ետք երրորդ կազմակերպութիւնն է աշխարհի վրայ, որ աշխարհագրականօրէն տարածուած է` նկատել տալով, որ իրենք աշխարհի 200 երկիրներու մէջ աշխատանք կը տանին: Դոկտ. Ճէպէճեան ըսաւ, որ 2000 թուականէն սկսեալ աւելցուցած են այլ աշխատանքային ծրագիր մը, որ ընկալումն է, այլ խօսքով` հասկնալ Աստուածաշունչը մեկնելով լեզուական, մշակութային, ընկերային եւ պատմաքաղաքական տուեալներէն: Ան շեշտեց, որ Աստուածաշունչը մեր մէջ կը զարգացնէ քննական մտածողութիւնը:

 

Անդրադառնալով «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» հատորին` դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան ըսաւ, որ հատորը կը բովանդակէ 140 պատմութիւններ` բաժնուած 20 մասերու, եւ կը նպատակադրէ զԱստուած ներկայացնել իր ամբողջութեան մէջ, Հին եւ Նոր կտակարաններով: Ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնը` նկատել տալով, որ անիկա գրուած է պարզ հայերէնով` 5-10 տարեկան մանուկներու համար եւ հաստատեց, որ հատորը  ամբողջութեամբ գրուած է Աստուածաշունչի բնագիրին համաձայն: Իր խօսքի աւարտին դոկտ. Ճէպէճեան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատարած են հատորի հրատարակութեան, յատկապէս սրբազան հօր, որ քաջալերած է զինք սոյն աշխատանքը տանելու, ինչպէս նաեւ Համազգայինի հրատարակչատան` իրենց բծախնդիր աշխատանքին համար եւ հրատարակութենէն վերջ իրենց օժանդակութեան` հատորը տարածելու աշխատանքին մէջ: Ապա ան հատորէն օրինակ մը նուիրեց սրբազան հօր, նաեւ անոր տրամադրութեան տակ դրաւ հատորին բաժանումը լիբանանահայ աշակերտներուն:

 

Այնուհետեւ խօսք առաւ սրբազան հայրը: Ան յայտնեց, որ 5-րդ դարուն Վարդանանց սերունդին միջոցով հայ ժողովուրդը համազգային կեցուածք ճշդած է Աստուածաշունչին նկատմամբ: Ան նկատել տուաւ, որ Վարդանանք պատմութեան տագնապալի մէկ պահուն, իբրեւ ազգային կեցուածք ու գաղափարախօսութիւն, Աւետարանը հայր հռչակեցին եւ եկեղեցին ալ մայր, որպէսզի մեր ժողովուրդը կարենայ ինքզինք պաշտպանել այն բոլոր օտար եւ այլասերող ուժերուն դէմ, որոնք կը սպառնային հայութեան կեանքին` աւելցնելով, որ պէտք է նոր կեանք տալ Վարդանանց սերունդին կողմէ հռչակուած ազգային այդ կեցուածքին, որպէսզի մերօրեայ աշխարհի պայմաններուն մէջ ալ պաշտպանուին մեր ազգային, մշակութային, քաղաքական, իմացական, կրօնական եւ բարոյական այն բոլոր արժէքները, որոնք կորիզը կը կազմեն մեր ազգային հոգեբանութեան: Սրբազան հայրը շեշտեց, որ մերօրեայ պայմաններուն մէջ պէտք չէ կորսնցնենք ազգային գիտակցութիւնը, պէտք չէ թուլնանք, եւ մեր մէջ պէտք չէ պակսի Աստուծոյ հանդէպ հաւատքը: «Աւետարանը` իբրեւ հայր, իր պարունակած Աստուծոյ խօսքերով պէտք է դարձեալ խրատէ մեզ եւ ապահովութեան ու պաշտպանութեան նոր զգացում ներշնչէ մեզի, իսկ եկեղեցին` իբրեւ մայր, իր գուրգուրանքին դրոշմը դարձեալ պէտք է հաստատէ մեր գիտակցութեան մէջ», եզրափակեց սրբազան հայրը` մաղթելով, որ սոյն հատորը իր կնիքը դրոշմէ յատկապէս մեր նոր սերունդի կեանքին ու ըմբռնումներուն վրայ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հատորին գինեձօնը: Շնորհահանդէսի աւարտին բոլոր ներկաները հատորէն օրինակներ ստացան:








All the contents on this site are copyrighted ©.