2017-11-11 10:32:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Սիրոյ Ուրախութիւն» շրջաբերականի միջազգային ուսումնաժողովին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ  11 նոյեմբեր 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը յղեց Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի կողմէ կազմակերպած՝ «Սիրոյ Ուրախութիւն» շրջաբերականի մասին միջազգային ուսումնաժողովի մասնակիցներուն։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ուսումնաժողովի նիւթին՝ «Սիրոյ Աւետարանը՝ խղճի ու կանոնի միջեւ», նշելով թէ այս մէկը յատուկ կարեւորութիւն ունի ու կարող է լուսաւորել Իտալիոյ եկեղեցւոյ ընթացքը պատասխանելու համար նոր սերունդներու ընտանիք կազմելու իղձին, որովհետեւ, ընդգծեց Սրբազան Քահանայապետը, «ընտանիքին բարիքը վճռական է աշխարհի ու եկեղեցւոյ ապագային համար» եւ ընտանիքը ու անոր մէջ ծնունդ առած կապերը «իսկական հակաթիւնն են տարածուած անհատականութեան»։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ ամուսնական ու ընտանեկան կեանքէն ներս  յաճախակի  դժուարութիւններուն ընդգծելով թէ «ծնողները պէտք չէ մինակ թողուլ», ու թէ հարկաւոր է զանոնք առաջնորդել՝ իրենց այն յանձնառումին մէջ Աւետարանը ապրելու կեանքի  շօշափելիութեան մէջ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ թէ ժամանակակից աշխարհը կը շփոթէ խղճի առաջնութիւնը, որ միշտ ալ պէտք է յարգուի, անհատի սեփական ինքնավարութեան հետ  ու մէջբերեց Քահանայապետական Կեանքի ակադեմիայի մէջ արտասանած խօսքերը ուր կը հաստատէր թէ այսօրուայ աշխարհին մէջ կայ «ԵՍ»ի մեծարանքը, «որուն խորանին վրայ ամէն ինչ կը զոհուի, նոյնիսկ ամէնէ սիրելի անձերը» ու թէ այս իրողութիւնը ունի ծանր հետեւանքներ։ Այս առընչութեան ;րանչիսկոս Պապ հաստատեց թէ ամէն մէկ անհատի խորքին մէջ կայ վայր մը ուր «Խորհուրդը» կը յայտնուի ու կը լուսաւորէ անձը, զայն դարձնելով պատմութեան դերակատար։ Խիղճը արդարեւ, ինչպէս կը յայտնէ Վատիկանեան Բ Ժողովը,  մարդու ամեն գաղտնի բջիջն է ուր ան մինակ է Աստուծոյ հետ, որուն ձայնը կը հնչէ մտերմութեան մէջ։ Քրիստոնեան արդարեւ հսկելու է՝ որպէսզի երբեք չի պակսի Աստուածային շնորհքը, որ կը լիացնէ մարդկային սրտերու «տիկերը», այսօրուայ ընտանիքներուն համար նորոգելով Կանայի հարսանիքի հրաշքը, յարեց Սրբազան Քահանայապետը բացայայտելով թէ այս հրաշքով  Յիսուս՝ Մովսէսի օրէնքը փոխեց ու զայն դարձուց Աւետարան՝ ուրախութեան աւետիս։  Յիսուս արդարեւ մեզի ցոյց կու տայ ողորմութեան դեղը՝ որ կը բուժէ սրտին կարծրութիւնը ու կը  դարմանէ յարաբերութիւնները ընդմէջ ամուսնացեալ զոյգերուն ու ծնողներու եւ զաւակներու - ըսաւ հուսկ Սրբազան Հայրը ու լսատեսողական պատգամը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի ու պտղաբեր աշխատանք ի նպաստ «ոգեւորիչ» անհատներու կազմաւորումին, եւ որպէսզի ան սատարէ ու թիկունք կանգնի ընտանիքներու ուղեւորութեան, օգնելով զանոնք  ապրիլ Աւետարանի ուրախութիւնը եւ ըլլալ հասարակութեան գործօն բջիջներ։ 

Ձեզ սրտանց կ՛օրհնեմ ու կը խնդրեմ որ աղօթէք ինծի համար - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտելով իր պատգամը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.