2017-11-11 10:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Կեանքի ի նպաստ կեդրոններու» ազգային 37-րդ հաւաքի մասնակիցներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) 10-12 Նոյեմբեր 2017-ին Միլանի մէջ կազմակերպուած է «Կեանքի օգնութեան ի նպաստ կեդրոններու» ազգային 37-րդ հաւաքը, որուն բնաբանն է «Կեանքի օգնութեան ի նպաստ կեդրոնները նոր մարդկայնապաշտութեան կրթարաններ» եւ որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւն կրող  պատգամ մը յղեց ժողովականներուն որուն մէջ գնահատեց կեդրոններու գործունէութիւնը ի նպաստ մարդկային կեանքի պաշտպանութեան, մաղթելով որ հաւաքի աշխատանքները կարողանան աւելիով խթանել մարդկային կեանքի արժէքներուն ձգտումը ու Աստուածային այդ անսահման պարգեւին ընկալումը։

«Սրբազան Հայրը ժողովականներէն խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար բոլորին կը շնորհէ իր առաքելական օրհնութիւնները» գրեց Կարդինալ Փարոլին յղած պատգամին աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.