2017-11-11 13:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց խաղաղական ովկիանոսի կղզիներու բաձրաստիճան անձնաւորութիւններ


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 11 նոյեմբեր 2017-ին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Pacific Islands Forum» խաղական ովկիանոսի կղզիներու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։

Ներկաներուն ուղղած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադառնալէ ետք այդ տարածաշրջանի  գեղեցկութիւններուն, իր մտահոգութիւնը յայտնեց հոն բնակող ժողովուրդներուն, որոնք ստէպ թիրախ են բնական աղէտներուն , կլիմայի փոփոխութենէ յառաջացած  հարցերուն, որոնց շարքին  Նորին Սրբութիւնը  թուեց   ծովի  մակարդակի բարձրացումի հարցը եւ ծովու շարունակական  անկումը,  որ կը վտանգէ  մարալային առագաստը եւ մեծ նշանակութիւն ունեցող ծովային «էկոհամակարգը» ։ Ան ապա ներկայացնելով այդ  անկումի զանազան պատճառները, զանոնք վերագրեց մարդկութեան  ոչ նախախնամական վարքագիծին, որ է բնական եւ մարդկային հարստութիւններուն շահագործումը, եւ   որոնց հետեւանքը հասած է մինչեւ Ովկիանոսներու խորը։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով ծովի մակարդակի բարձրացումին հարցին, նշեց թէ այդ աղէտին յատուկէն թիրախ են ծովեզերեայ բնակչութիւնը, որոնք չեն գիտեր  դէպի ուր փոխադրուիլ։  Նշելով նաեւ կենսոլորտի  ջերմաստիճանի բարձրացման խնդիրը,  Սրբազան Քահանաապետը յարեց թէ  այս առնչութեամբ   բազմաթիւ  միջազգային ժողովներ կը գումարուին,   ինչպէս Պոնի մէջ 23 հզօր երկիրներուն ժողովը, ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան հայող համաձայնագիրը,  որուն ժողովը այս տարին պիտի գումարուի Ֆիժի  կղզեխումբի  նախագահութեամբ։

Խաղաղական Ովկիանոսի հայող խնդիրներուն ի տես, Նորին Սրբութիւնը մաղթեց,  որ միջազգային զօրակցութիւն ցուցաբերուի  եւ գործակցութիւն կատարուին , ինչպէս նաեւ բաժնեցուած ռազմավարութիւն որդեգրուի, որպէսզի  բնութեան անկումին եւ  Ովկիանոսներու  առողջութեան հայող խնդիրները չթերագնահատուին, տրուած ըլլալով որ անոնք սերտօրէն առնչուած են այսօրուան մարդկութեան, մարդկային եւ ընկերային անկումին խնդիրներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը եզրափակեց հարց տալով «ի՞նչ տեսակ աշխարհ կը փափաքինք  փոխանցել բոլոր անոնց որոնք մեզմէ վերջ պիտի գան, ինչպէս նաեւ  հասակ առնող մանուկներուն, հաստատելով ,թէ  այս հարցադրումը չի հայիր լոկ կղզիացած կենսոլորտին՝  այլ կը հայի կենսոլորտի ընդհանուր կողմնորոշումին,  անոր իմաստին ու արժանիքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.