2017-11-10 10:25:00

Ազատագրուեցաւ ցեղասպանութեան զոհերու աճիւնները պարունակող Մարկատէն


Նոյեմբեր 9ին, սուրիական բանակը իր դաշնակից ուժերուն հետ միասին, Տէր Զօրի նահանգին մէջ «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներէն ազատագրեց Ալպուքամալ քաղաքը, որ Իրաքի սահմանակից այդ շրջանին մէջ ահաբեկիչներու վերջին յենակէտն էր: Նոյն գործողութեան ընթացքին ազատագրուեցաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու աճիւնները պարունակող Մարկատէ շրջանը:

Թրքական «Անատոլու» լրատուամիջոցին համաձայն՝ սուրիական բանակին աջակցած են քիւրտերու ղեկավարութեամբ Ժողովրդավարական միութիւն քրտական կուսակցութեան ուժերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.