2017-11-10 13:01:00

«Համապարփակ զինաթափումին համար հարկաւոր է պատերազմի հոգեբանութեան վերացումը» Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ՝ 10 եւ 11 նոյեմբերին գումարուած է խորհրդակցական վեհաժողով մը որուն կեդրոնական նիւթն է «Հեռանկարներ աշխարհի մը՝ ազատ միջուկային զէնքերէն եւ ի նպաստ համապարփակ զինաթափումի»։

Վեհաժողովը կազմակերպուած է Մարդկային  համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վատիկանեան  Ժողովի կողմէ որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ, ի շարս այլ եկեղեցական ու քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, Վատիկանի Պետական Քարտուղարը՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին։

Ֆրանչիսկս Սրբազան Քահանայապետը, ուրբաթ՝ 10 նոյեմբերի առաւօտեան, յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց վերոնշեալ վեհաժողովին մասնակիցներուն ու այս առթիւ անոնց արտասանած խօսքին մէջ նշեց թէ ժողովի ընթացքին քննարկուած նիւթերը խրթին են ու կը հային միջազգային քաղաքականութեան այժմէական հրատապ հարցերուն ու յատկապէս հիւլէական ռումբի սպառնալիքներուն, ընդգծելով թէ սպառազինութիւններու մրցավազքը դադար չունի ու թէ շատ մը պետութիւններու համար այդ մէկը կը ներկայացնէ պիւտճէական մեծ ծախս մը, մինչեւ այն աստիճան որ կը ստորադասուին տառապող մարդկութեան իսկական այլ առաջնահերթութիւններ, ինչպէս՝ աղքատութեան դէմ պայքարը, խաղաղութեան խթանումը, դաստիարակչական, բնապահպանողական, առողջապահական ու մարդկային իրաւունքներու զարգացման հայող ծրագիրներու իրականացումը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա զգուշացուց հիւլէական ռումբի գործածութեան հետեւանքներէն, հաստատելով թէ անոնց օգտագործումը դատապարտելի է, ինչպէս նաեւ դատապարտելի է նոյնիսկ անոնց սեփականութիւնը որ կը սպառնայ համայն մարդկութեան։

Քահանայապետը հաստատեց թէ զանգուածային կործանման զէնքերը ու յատկապէս ադոմական զէնքերը սուտ ապահովութեան զգացում կը յառաջացնեն ու կարող չեն հանդիսանալ մարդկային ընտանիքի անդամներու միջեւ խաղաղ համակեցութեան հիմքը՝ որ ընդհակառակը պէտք է հիմնուի զօրակցական բարոյականութեան վրայ, ըսաւ Ան, յիշելով Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի տխուր իրադարձութիւններն ու անոնցմէ բխած վկայութիւններն ու փորձառութիւնը ու հաստատելով թէ «իսկական գիտութիւնը պէտք է ըլլայ միշտ մարդու ծառայութեան ի նպաստ», քննադատելով ապա այն իրողութիւնը թէ նոր պետութիւններ եւս դարձան ադոմական ռումբերու սեփականատէր թէեւ՝ յարեց Սրբազան Քահանայապետը, չեն պակսիր յոյսի նշոյլներ ի տես, զօր օրինակ, ՄԱԿ-ի վերջին ընդհանուր մէկ նիստի ընթացքին որդեգրուած այն դիրքորոշումը թէ՝ միջուկային զէնքերը ոչ միայն անբարոյ զէնքեր են այլեւ պէտք են համարուիլ պատերազմի անօրէն գործիքներ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  ակնարկեց հուսկ Պօղոս Զ Պապի «Populorum Progressio» ընկերային շրջաբերականի 50-ամեակին, որուն մէջ երջանկայիշատակ Քահանայապետը կը բացայայտէ մարդ անհատի քրիստոնէական տեսակէտը եւ ի յայտ կը դնէ մարդկային համապարփակ զարգացումի գիտելիքը, զայն առաջարկելով որպէս խաղաղութեան նոր գոյական։

«Զարգացումը չի սահմանափակուիր լոկ տնտեսական աճումի մէջ։ Որպէսզի ան ըլլայ իսկական, պէտք է ըլլայ համապարփակ, որ կը նշանակէ նպաստէ իւրաքանչիւր  մարդու ու համայն մարդուն զարգացումին» գրած էր Պօղոս Զ Պապը վերոնշեալ շրջաբերականին մէջ, յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով մերժել «մնացորդացի» մշակոյթը ու խնամք տանիլ անհատներուն ու տառապող ժողովուրդներուն, դիմելով կարեկցութեան գաղափարականին։

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց նաեւ Յովհաննէս ԻԳ վարդապետութեան ու համապարփակ զինաթափումի ի նպաստ Անոր կոչին ուր երջանկայիշատակ Քահանայապետը հաստատած էր թէ համապարփակ զինաթափումը կը պահանջէ նաեւ պատերազմի հոգեբանութեան վերացումը։

Եկեղեցին, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ճառին աւարտին, չի դադրիր երբեք աշխարհին նուիրելու այս իմաստութիւնը, այն գիտակցութեամբ թէ համապարփակ զարգացումը բարիի ուղեւորութիւնն է որուն կանչուած է մարդկային ընտանիքը, հուսկ խօսքը եզրափակեց քաջալերելով բոլոր ներկաները յառաջ տանելու իրենց գործունէութիւնը, համբերութեամբ ու յարատեւութեամբ, վստահելով Տիրոջ որ միշտ մեզի կ՛ընկերանայ ըսաւ Ան ու կ՛օրհնէ իւրաքանչիւրը եւ արդարութեան ու խաղաղութեան ի նպաստ գործունէութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.