2017-11-10 08:25:00

«Կրեկորիանա» համալսարանին մէջ համագումար՝ նուիրուած համամիութենական հարցին։


 (Ռատիօ Վատիկան) Երբ 2016 թուականի փետրուարին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպեցաւ Մոսկուայի Կիւրեղ Պատրիարքին, երկխօսութեան նոր փուլ մը բացուեցաւ Օրթոտոքս Եկեղեցիներու հետ, որուն պտուղները սկսած են հասունանալ այնպիսի երկիրներու մէջ, ուր համակեցութիւնը պատմականօրէն դժուարին եղած է։ Լեհաստանի մէջ, ուր Օրթոտոքս Եկեղեցին միշտ առընչուած է Ռուսիոյ հետ, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի ընտրութեամբ նոր ընթացք մը առած էր։

Այս օրերուն Հռոմի Քահանայապետական Կրեկորիանա համալսարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ համագումար մը նուիրուած համամիութենական խնդրին։ Համագումարը, կազմակերպուած «Լեհ-Ռուսական երկխօսութեան եւ համաձայնութեան Կենդրոնի կողմէ», կը քննարկէ Սուրբ Աթոռի եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւնները, Յովհաննէս Պօղոս Բ.էն մինչեւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Երբ 2012 թուականին Կիւրեղ Պատրիարքը այցելած էր Լեհաստան, ըսած էր թէ երկխօսութեան եւ յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղութեամբ կատարուած են մեծ քայլեր, ինչպէս կը յիշէ Գրապայծառ Եոսեք Քովալչուք, Կնիոզնոյի հրաժարեալ արքեպիսկոպոսը, որ քահանայապետական նուիրակի պաշտօնը վարած էր 21 տարի։

Հռոմի մէջ կատարուած այս համագումարի հետ առընչուած, Գերպ. Քովալչուք յիշեցուցած է Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքերը՝ «աստուածաբանական երկխօսութիւնները թողունք աստուածաբաններուն» եւ աւելցուցած է, թէ մենք պէտք է մարդկային քայլեր առնենք, յարգելով անհատներու եւ այլ եկեղեցիներու արժանապատուութիւնը։

Նաեւ Մինսքի արքեպիսկոպոս, Գերպ. Թատէուս Քոնտրուշեւիչ, որ 1991-2007 թուականներուն եղած է Մոսկուայի եպիսկոպոս, յիշեցուցած է Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովի կարեւորութիւնը, ուր սկսած էր երկխօսութիւնը օրթոտոքսներու հետ։ Ան կը շեշտէ, թէ «իւրաքանչիւր երկար ճանապարհ կը սկսի առաջին քայլով։ Այդ առաջին քայլը կատարած էր մասնաւորապէս Վատիկանեան Բ. Ժողովը»։ Գերապայծառը յիշեցուցած է այս ուղղութեամբ կատարուած ջանքերը Յովհաննէս Պօղոս Բ. եւ Պենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետերու կողմէ։ Ան կարեւոր կը նկատէ, որ իբր քրիստոնեաներ մենք ընդունած ենք Քրիստոսի խօսքը «Որպէսզի բոլորը ըլլան մի»։ Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Կիւրեղ Պատրիարքի կողմէ առնուած յիշեալ քայլերէն կախեալ է քրիստոնէութեան ապագան, ըսած է Գերպ. Քոնտրուշեւիչ։ Այս քայլերուն նպատակն է աշխարհի խաղաղութիւնը, եւ ընտանիքի ու կեանքի պաշտպանութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.