2017-11-09 12:36:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ուքրանական Քահանայապետական վարժարանի անդամները:


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաթի, 9 նոյեմբեր 2017-ին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճէն ներս Ֆրանիչսկոս Պապ ընդունեց Հռոմի Քահանայապետական  Ուքրանական Վարժարանի Սուրբ Ճոսաֆաթ հասարակութեան՝  աւելի քան 130 անդամները,  վարժարանին կառուցման 85-րդ ամեակին առիթով։  

Այս առթիւ արտասանած ճառին սկիզբը՝ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Պիոս ԺԱ քահանայապետին, որուն կամքով կառուցուեցաւ  Հռոմի մէջ Ուքրանական քահանայապետական վարժարանը, նպատակ ունենալով  հիւրընկալել հալածանքի եւ տառապանքի տարածքներու մէջ գտնուող ապագացու քահանաները։   

Նորին Սբրութիւըն ապա ակնարկեց Պիոս ԺԱ քահանայապետին ապրած ժամանակաշրջանին, ուր ան դիմագրաւեց բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, միշտ ձայնը բարձրացնելով՝ պաշտպանելու համար հաւատքը,  եկեղեցւոյ ազատութիւնը եւ իւրաքանչիւր անձի արժանապատուութիւնը։  Ան նշեց  թէ Պիոս ԺԱ Պապ ամենայն յստակութեամբ, ճառերու, նամակներու միջոցաւ դատապարտեց անաստուածութեան եւ անմարդկայնութեան  գաղափարականները՝ որոնք արիւնով ներկեցին  20-րդ դարը։   

Ապա խօսքը ուղղելով  ապագացու վարդապետներուն Նորին Սրբութիւնը  հրաւիրեց զանոնք  ուսանելու Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը, հասուննալու համար զատորոշումի  եւ  դատումի  մէջ,  այն ընկերային իրականութիւններու ասպարէզներէն ներս , ուր՝ պիտի կանչուին գործելու   

Ֆրանչիսկոս Պապ  անդրադարձաւ  նաեւ առկայ ժամանակուայ խնդիրներուն, ուր ՝աշխարը խոցուած է բռնութիւններէ եւ պատերազմներէ։  Ան յատուկէն անդրադարձաւ Ուքրանիոյ իրեն շատ սիրելի ազգին՝ ուրկէ եկած են ներկաներէն շատերը եւ ուր պիտի վերադառնան՝ հռոմի մէջ իրենց ուսումը աւարտելէ ետք։ Ան յարեց թէ Ուքրանիոյ մէջ կը փորձարկուի պատերազմի ողբերգութիւնը, որ բազմաթիւ տառապանք կը յառաջացնէ նաեւ բոլոր տարածաշրջանին մէջ։ Ան ապա նշեց թէ Ուքրանիոյ մէջ ուժեղ է արդարութեան եւ խաղաղութեան ձգտումը,  որպէսզի վերջ դրուի՝ ընկերային եւ քաղաքական կաշառակերութեան, իրականութիւններ որոնց թիրախներն են յատկապէս աղքատները։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մաղթեց որ Աստուած զօրաւիգ կանգնի ու քաջալերէ  բոլոր անոնք  որոնք յանձնառու են իրականացնելու միշտ աւելի արդար եւ  զօրակից ընկերութիւն մը, հարւիրելով  այս ուղղութեամբ նաեւ Եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներու ինչպէս նաեւ բարի կամք ունեցող մարդոց սատարը։

Ան Ապա խօսքը ուղղելով  Ուքրանիոյ Կաթողիկէ  Յոյն եկեղեցւոյ  նորընծաներուն ու քահանաներուն, դիտել տուաւ, Աստուծոյ խօսքը սիրելով եւ աւետելով,  անոնք պիտի դարնան ճշմարիտ հովիւներ՝ իրենց հոգածութեան յանձնուելիք հասարակութիւններուն, ու Աստուծոյ Խօսքը պիտի հանդիսանայ ան լապտերը որ կը լուսաւորէ սրտերը։

Մատնանշելով հուսկ՝ Հռոմի մէկ բլուրին վրայ կառուցուած  Ուքրանական  քահանայապետական վարժարանի  գեղեցկութեան՝ հրաւիրեց այնպէս մը գործել որ իրենց սիրտերը շրջագային լայն հորիզոններուն մէջ, եւ անոնք բացուին համայն աշխարհի տարածքին, ուր բազմաթիւ Ուքրանացի զաւակներ դարերու հոլովոյթին սփռուած  են։

«Սիրեցէք եւ պահպանեցէք ձեր աւանդութիւնները» ըսաւ ապա Քահանայապետը յորդորելով խուսափիլ մեկուսացումներէն ու հրաւիրելով   պահպանել՝ հայրենիքէն ներս եւ դուրս, Աստուծոյ մարդկութեան հետ դաշինքի նշանը,  որ որպէս երկինքն ու երկիրը իրար կապող ծիածան, մարդոցմէ կը խնդրէ սորվիլ իրար զիրար սիրել ու յարգել , հրաժարելով զէնքերէ, պատերազմներէ ու ամէն տեսակ բռնութենէ , ըսաւ նորին Սրբութիւնը որ ներկաներուն յայտնեց թէ իր մօտ պահած է քնքշութեան տիրամօր Ուքրանական մէկ փոքրիկ խճանկար մը . որ նուէր ստացած է Ուքրանիրոյ Աւագ Արքեպիսկոպոսը երբ ՝իրարու հանդիպած են Պուէնոս Այրէս մէջ ։

Սրբազան Հայրը ապա բոլորին շնորհեց իր հայրական օրհնութիւնը Ուքրանիոյ վրայ հայցելով խաղաղութիւն ու համամիութեան ներդաշնակութիւնը ապա խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար  մաղթելով բերի ճանապարհ հուսկ ուզեց  յատուկէն յիշել Հայր Ստեփանոսը - որ հալածանքի տարիներուն ապաստան գտած էր Հռոմի մէջ եւ որուն հետ Քահանայապետը առիթ ունեցած էր բարեկամութիւն մշակելու ու իրմէ բազմաթիւ բարիքներ ընդունելու։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.