2017-11-08 10:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ալ Ազհար համալսարանի Աւագ Իմամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 7 նոյեմբեր 2017-ի առաւօտեան 11-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան իր յատուկ գրասենեակին մէջ ընդունեց Ալ Ազհար համալսարանի Աւագ Ւմամ՝ Ահմատ Մուհամմատ Ալ Թայիպը ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։

Այս երրորդ անգամն է որ  Ֆրաչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ Սիւննի իսլամներու կրօնապետը առիթ կ՛ունենան իրարու հանդիպելու եւ զրուցելու։ Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր 23 մայիս 2016-ին Վատիկանի մէջ մինչ երկրորդ հանդիպումը՝ Գահիրէի մէջ,այս տարուայ ապրիլ 28-ին, երբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց երկիրը ու իր մասնակցութիւնը բերաւ Ալ Ազհար համալսարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած խաղաղութեան վեհաժողովին։

Հանդիպումներու ընթացքին երկու կրօնապետերը առիթ ունեցան փոխադարձ յանձնառութիւն ցուցաբերելու՝ ի նպաստ խաղաղութեան ու ծայրայեղականութեան դէմ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.