2017-11-08 09:27:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Յամառութիւնը Մահուան Նախադուռն Է

Ճշմարտութեան որո՞ւ քով պահուած ըլլալը դժուար է հաստատել: Որովհետեւ ամէն մարդ տրամադիր է ճշմարտութեան սեփականատէրը դառնալու, յայտարարելով, թէ ճշմարտութիւնը ամբողջութեամբ միայն իր մօտ կը գտնուի: Զարմանալի երեւոյթը այն է սակայն, որ ճշմարտութիւնը սեփականացնելու ջերմ փափաք ունեցողներէն ոչ ոք պատրաստ է անոր «գինը» վճարելու: Այլ խօսքով, անոնք կ’ուզեն ձրիաբար տիրանալ այդ մեծ գանձին, որ ճշմարտութիւն կը կոչուի:

Աւետարանին մէջ արձանագրուած Յիսուսի մտածողութիւնը ճշմարտութեան մասին յստակ ուղղութիւն մը ունի: Այնտեղ նշուած է նախ՝ ճշմարտութեան բացարձակ հանգամանքը, որ Աստուծոյ կերպարով ներկայացուած է. բացարձակ ճշմարտութիւնը Աստուած Ի՛նք է: Բնականօրէն, այս կեանքի մէջ ալ կան ճշմարտութեան չափանիշներ, սակայն բոլորն ալ յարաբերական են: Ճշմարտութիւն՝ յարաբերաբար տուեալ երեւոյթի մը:

Իրենց լսածն ու գիտցածը բացարձակ ճշմարտութիւն ճանչնալէ բացի, ոմանք կը պնդեն անոր վրայ, առանց նկատի ունենալու այլոց կարծիքը այդ մասին: Երկու տարբեր կերպերով կը կիրարկուի այս. առաջին՝ տգիտօրէն, եւ երկրորդ՝ գիտակցաբար: Երկու պարագաներուն ալ, կիրարկուած արարքը յամառութիւն բառով ծանօթ է: Երկուքին միջեւ կան տարբերութիւններ, որոնք թէպէտ աննշմարելի են, սակայն որոշ գունաւորում մը կու տան յամառութեան տուեալ տեսակին:

Բոլորին ծանօթ կենդանիի մը բնազդային մէկ յատկանիշը նկատի ունենալով, զայն յամառութեան բացառիկ օրինակ իբրեւ կը մէջբերեն յաճախ: Էշն է այդ կենդանին, եւ իշուն յամառութիւնը միշտ ալ չափանիշ նկատուած է, նոյն կացութեան մէջ գտնուող ոեւէ մէկը ներկայացնելու պարագային:

Այժմ անդրադառնանք, յամառութեան երկու տեսակներուն.

Առաջին տեսակը, որ տգիտօրէն կիրարկուող յամառութիւնն է, աւելի զօրեղ ու անյետադարձ տեսակն է այս ախտին, որ միաժամանակ ինքնակործան է: Յաճախ օրինակը կը տրուի բարոյական պատմուածքի մէջ յիշուած խեղդուող անձին, որ իր յամառութեան իբր նշան, ջրամոյն վիճակով, ձեռք վեր կը բարձրացնէ ու ցուցամատն ու միջնեմատը մկրատի շեղբերուն օրինակով բանալ-գոցելով, կը պնդէ իր տեսակէտին վրայ: Մկրատը, որուն շեղբերը միայն մէկ ուղղութեամբ ու յարատեւ միեւնոյն շարժումը կը կատարեն, յամառութեան խորհրդանիշ է դարձեալ: Այդպէս ալ ուրեմն, տգիտօրէն իր գիտցածը պնդողը մեքենական սովորութիւն մըն է, որ կը կիրարկէ, առանց կարենալ թափանցելու ուրիշներու տալիք բացատրութեան:

Երկրորդ՝ գիտակցաբար իր յամառութիւնը կիրարկողը վատագոյն է, քան առաջինը: Ճիշդ է, առաջինը աւելի զօրեղ է, որովհետեւ տարբեր ընելիք չկայ անոր համար, բայց միայն իր գիտցածին վրայ պնդել: Մինչ գիտակցաբար յամառ եղողը կրնայ թերեւս պահ մը լսել ուրիշներուն ըսածը, առանց սակայն գործադրելու զայն: Որովհետեւ նման անձեր որոշա՛ծ կ’ըլլան իրենց տեսակէտին վրայ պնդել: Անոնք երբեմն կ’անդրադառնան, թէ ուրիշներուն կարծիքը աւելի տրամաբանական ըլլալ կը թուի, սակայն չեն ուզեր հաւատք ընծայել անոնց: Ուրեմն այս երկրորդ տեսակին պարագային կայ յամառութիւնը կիրարկելու որոշում մը, հաստատ կարծիք մը, նոյնիսկ սխալ, սակայն անձին կողմէ ընդունելի եւ անփոփոխելի տեսակէտ մը…:

«Սեւին սապոնն ինչ կ’անի, խեւին խրա՛տը» առածը արդէն հանրածանօթ է: Յաճախ չէ՞ք նկատած, որ երբ յամառ անձի մը խրատ տալէ յոգնած, անոր բարիքը մտածողներ, ի վերջոյ անխելք կը կոչեն զայն: Այո՛, որոշ չափով անխելքութիւն է լսել խրատը եւ ականջ չտալ անոր ու շարունակել սխալին մէջ մնալ: Առակներու գիրքին հեղինակը, կեանքի փորձառութեամբ հարուստ, հետեւեալ հաստատումը կը կատարէ. «Իմաստունին խրատ տուր, եւ աւելի՛ իմաստուն պիտի ըլլայ. արդար մարդուն սորվեցուր, ու իր իմաստութիւնը պիտի աւելցնէ» (Առ. 9.9): Իսկ այլ տեղ մը դարձեալ կ’ըսէ. «Խրատ մերժողը իր հոգին կ’անարգէ. բայց յանդիմանութիւն մտիկ ընողը խելք կը վաստկի» (Առ. 15.32):

Յամառութիւնը մահուան նախադուռն է:

 Յամառութիւնը դէպի «անձնասպանութիւն» առաջնորդող ճամբան ըլլալով, կը դառնայ նախադուռը մահուան:

Բոլոր ադամորդիները երկու ականջ ունին իրենց գլխուն աջ ու ձախ կողմերուն ամրացուած: Ոմանք միայն բամբասանք կը սիրեն լսել ու ատով ալ կը հաճոյանան: Աւելի՛ դրական պիտի ըլլար այդ ականջները բանա՜լ, ո՛չ թէ բամբասանքի ունկնդրութեան, այլ իրենց յամառութիւնը նուազեցնելու համար…:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.