2017-11-08 09:38:00

Թալինի մէջ բացուեցաւ Հայաստանի մեծագոյն արեւային կայանը


Նոյեմբեր 7 -ին  Արագածոտնի մարզի Թալին քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի ամէնէն մեծ՝ 1 մեկաուաթ հզօրութեամբ «Թալին-1» արեւային կայանը, կը հաղորդէ “Նիւզ”-ը:

Այս եզակի նախագիծը արտադրական ծաւալով եւ հնարաւորութիւններով կարեւոր նշանակութիւն ունի Հայաստանի արեւային ուժանիւթի, բնապահպանութեան եւ տնտեսական զարգացման ոլորտներուն համար:

Նախագիծը իրականացուած է հայաստանցի ներդրողներու խումբի (Էդուարդ Մարութեան, Արայիկ Կարապետեան, Զաւէն Սարգսեան եւ Հայկ Չօբանեան) միջոցներով եւ համաֆինանսաւորուած է Գերմանահայկական հիմնադրամի եւ KFW դրամատան կողմէ:

Արեւային կայանի բացման արարողութեան ներկայ էր նաեւ վարչապետ Կարէն Կարապետեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.