2017-11-07 10:23:00

Ֆիլիփփինի մէջ մեկնարկեց երիտասարդներու ազգային հաւատքի օրը։


(Ռատիօ Վատիկան) 6- էն 10 նոյեմբեր 2017-ին, Ֆիլիփինի մէջ տեղի կ՛ունենայ երիտասարդաց ազգային հաւաքի օր ծրագիրը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն երկրի զանազան վայերէն ժամանող 13-էն 39 տարեկան 2300 երիտասարդներ։

Ազգային երիտասարդաց օրուան նիւթը քաղուած է Աստուածամօր նուիրուած Մեծացուսցէ շարականէն՝ «որովհետեւ Հզօրն ինծի մեծամեծ բաներ ըրաւ»։  (Ղուկ 1, 49) ։

Այս առթիւ  կազմակերպուած հանդիպումներուն եւ հանդիսութիւններուն քննարկումի նիւթ պիտի ըլլան երիտարդները յուզող հարցեր, ինչպէս՝  ընկերային մարտահրաւէրներ, ընկերային հաղորդամիջոցները, մարդավաճառութեան հարցերը, ընկերային դաստիարակչական խթանումի հայող ու մշակոյթի եւ արուեստի նիւթեր։   

Ֆիլիփինի մէջ ազգային երիտասարդներու հաւաքի  առնչութեամբ, Ֆիլիփփինցի կղերական՝ Հայր Վիլֆրետօ Սամսոն, Ֆիտես լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, մաղթանք յայտնեց,  որ  երիտասարդներու հաւատքի  5 օրերը  նպաստեն երիտասարդներուն, որպէսզի անոնք դառնան փոփոխութեան գործակալներ՝ ըլլայ եկեղեցւոյ ըլլայ երկրին համար,  ան  նաեւ յոյս յայտնեց որ  երիտասարդները աւետարանի միսիոնարներ դառնան՝  Աստուծոյ արքայութիւնը կառուցելու համար։   

Նշենք, թէ 1987-1990 թուականներուն,  երիտասարդներու ազգային հաւաքը տեղի ունեցած է Մանիլա քաղաքին մէջ։  Ւսկ՝ 1991 թուականէն , նշուած է երկրին զանազան  թեմերէն  ներս։  








All the contents on this site are copyrighted ©.