2017-11-07 08:43:00

Հայաստանի մէջ աշխատող մայրերուն պետութեան հաշուին դայեակ վարձելու հնարաւորութիւն։


Հայաստանի կառավարութիւնը խորհրդարանի քննարկման ներկայացուցած է երիտասարդ մայրերուն աշխատանքը եւ երեխայի խնամքը համատեղող ծրագիր ներդնելու օրէնսդրական նախաձեռնութիւն: Ազգային ժողովին մէջ ՀՀ 2018-ի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկման ժամանակ այս մասին յայտնած է ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արտեմ Ասատրեան: Այս մասին կը հաղորդէ “Երկիր”-ը։

«Զբաղուածութեան ոլորտին մէջ կը նախատեսենք երէք նոր ծրագիրներ, որոնք ուղղուած են ընկերա-ժողովրդագրական խնդիրներու որոշակիօրէն լուծման: Ազգային ժողով ներկայացուցած ենք համապատասխան օրէնսդրական նախաձեռնութիւն, որմով կ՛առաջարկենք  ներդնել երիտասարդ մայրերու համար աշխատանքը եւ երեխայի խնամքը զուգակցելու ծրագիր»,- ընդգծած է նախարարը:

Ան մանրամասնած է, որ այդ ծրագրի ներդրումը աշխատող մայրերուն, որոնք կը գտնուին մինչեւ երեխայի երեք տարին լրանալը խնամքի արձակուրդի մէջ, մինչեւ երեխայի երկու տարին լրանալը աշխատանքի վերադառնալու պարագային պետութեան հաշուին դայեակ վարձելու հնարաւորութիւն պիտի տայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.