2017-11-04 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 4 նոյեմբերին թուիթը. Եկեղեցին կարիքը ունի յոյս եւ հաւատք ներշնչողներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 4 նոյեմբեր 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ դիտել տուաւ, որ եկեղեցին կարիքը ունի խանդավառութեամբ եւ իմաստութեամբ Աւետարանը հռչակող անձերու, ինչպէս նաեւ յոյս եւ հաւատք ներշնչողներու։

«Եկեղեցին կարիքն  ունի  անոր  որ Աւետարանը կը հռչակէ  խանդաղատանքով  եւ իմաստութեամբ, անոր որ յոյս կը ներշնչէ  եւ հաւատք կը յարուցէ »։ ։  Գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ իր այսօրուան թուիթին մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.