2017-11-04 09:14:00

Միջազգային գիտաժողով. կրթամշակութային կեանքը Հայաստանի առաջին հանրապետութեան տարիներուն


Գիտաժողովը կը կազմակերպուի Երեւանի պետական համալսարանի, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի համատեղ ջանքերով:

Գիտաժողովը նպատակ ունի համակողմանիօրէն, գիտական արդիական  չափանիշներով  քննելու  Առաջին Հանրապետութեան տարիներուն ձեւաւորուած գրական-մշակութային կեանքը եւ անոր առանձնայատկութիւնները, անդրադառնալու գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտէն ներս պետական քաղաքականութեան հիմքերուն, ինչպէս՝ ձեւաւորուող հանրակրթական համակարգին, բարձրագոյն կրթական  օճախներու  կազմակերպման եւ անոնց  կրթական գործունէութեան, գիտութեան տարբեր ճիւղերու զարգացման ու հիմնական գիտական նուաճումներուն, պարբերական մամուլին եւ հրատարակչական գործին, նոր հայեացքով արժեւորելու Առաջին Հանրապետութեան հոգեւոր-մշակութային գործիչներու, լուսաւորիչ մանկավարժներու ծաւալած գործունէութիւնը եւ ձեւաւորուած կրթամշակութային կեանքի ազդեցութիւններուն Սփիւռքի յետագայ կրթական եւ մշակութային կեանքի ձեւաւորման վրայ: Գիտաժողովին կը հրաւիրուին գիտնականներ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն։

Գիտաժողովին զեկուցումներով հանդէս գալու դիմումներու եւ զեկուցումներու թեզիսներու ընդունման վերջնաժամկէտն է`2018 թ. Մարտ 15-ը:








All the contents on this site are copyrighted ©.