2017-11-04 12:28:00

Հայկական վանականութիւնը Հայոց պատմութեան հոլովոյթին


Մեր Եկեղեցւոյ Հայրերը եւ Վարդապետները աղօթքի կարեւոր մաս կը համարին արտասուելը, արցունքը։ Արցունք թափելը պարզապէս զգացումներու մակերեսային արտայայտութեան ձեւ մը չէ, այլ մարդու՝ իր մեղսականութեան եւ Աստուծոյ անսահման բարութեան եւ ողորմածութեան խոր գիտակցութեան արտայայտութիւն։ Շատ անգամ կրօնաւորներու վարքերուն մէջ կը կարդանք թէ անոնց աղօթքները միշտ խառն էին արցունքով։ Անոնք ամբողջ գիշերներ, նոյնիսկ կեանքի երկար ժամանակամիջոցներ կʼանցընէին արտասուելով, արտասուախառն աղերսանքներով։ Անոնք կը հաւատային, թէ աղօթքի հետ միացած արցունքը կը ջնջէ մեղքերը։ Ասոր մասին Գրիգոր Տաթեւացի կը գրէ հետեւեալը՝ «Ինչու՞ համար արցունքը առաւել կերպով կը լուայ եւ կը ջնջէ մեղքերը, ինչպէս Դաւիթ Մարգարէն կʼըսէր՝ ʼամբողջ գիշերը իմ մահիճս լուացի, եւ իմ արտասուքներովս եւ մոխրով իմ անկողինս թրչեցիʼ։ Նաեւ պոռնիկ կինը իր արցունքներով կը թրչէր Յիսուսի ոտքերը։»

Արտասուախառն արցունքի մասին Գրիգոր Տաթեւացի բացատրութիւն կու տայ մարդու մարմնի մէջ կայացած ֆիզիքական գործողութիւններու օրինակով։ Անշուշտ այս բոլորը մեծ վարդապետի ժամանակի բժշկութեան ճանաչումներն էին։ Սակայն հետաքրքրական է կարդալ, թէ ինչպէս Եկեղեցւոյ Հայրեր եւ Վարդապետներ շատ անգամ բնական կամ առօրեայ իրականութիւններու օրինակով կը բացատրեն բարդ հոգեւոր իրականութիւններ։ Գրիգոր Տաթեւացի կը գրէ՝ արտասուքը կը լուայ մեղքերը, «նախ, որովհետեւ դառն մաղձը կը հոսի որովայնին մէջ, սրտին ներքեւ, եւ կսկիծ կը պատճառէ գործարաններուն, որոնք պարփակուած են սրտին ներքեւ։ Եւ կսկիծի պատճառով հիւթը կը բարձրանայ դէպի գլուխը, եւ կը թափի աչքերէն եւ կը վերածուի արցունքի։ Արդ ինչպէս որ սրտէն յառաջ կու գան մեղքերու հեշտասիրութիւնը, շնութիւն, ագահութիւն եւ այլն, ինչպէս Աւետարանը կʼըսէ, նոյնպէս սրտէն կʼելլէ արցունքներու կսկիծը եւ կը քաւէ անոր հեշտասիրութիւնը։

Երկրորդ՝ մեղքը դէպի վեր կը բարձրանայ հոգիէն եւ մարմնէն, իսկ արցունքը կը հոսի վերէն դէպի վար եւ կը վերացնէ զայն։ Երրորդ՝ արտասուքներու ջուրը կը մարէ մեղքերու հուրը։ Չորրորդ՝ արցունքը ջերմ է եւ կը հալեցնէ սառոյցը եւ կը ջերմացնէ սէրը։ Հինգերորդ՝ արցունքներու դառնութիւնը կը հեռացնէ աչքերու ցանկութիւնը։ Վեցերորդ՝ արցունք կը նշանակէ զղջում եւ սուգ՝ որ ունինք մեղքերու պատճառով։ Որովհետեւ արցունքը դրուած է աչքին մէջ, որպէս զի տեսնելով մեր թերութիւնները՝ արտասուենք եւ լանք, որուն հետեւանքով թողութիւն կը ստանանք, ինչպէս կʼըսէ Տէրը՝ ʼերանի սգաւորներուն, որովհետեւ անոնք պիտի մխիթարուինʼ։

Սակայն տարակոյս կայ, որ ինչու՞ համար տրտմութեան արցունքը դառն է, եւ ուրախութիւնը՝ քաղցր։ Վարդապետները կʼըսեն թէ՝ լսելով ուրախութիւնը, լեարդը կը հանգստանայ եւ տարածուելով կը լայնանայ. եւ այնպէս շունչ առնելով կը յորդի շնչերակներուն մէջ եւ զուարթութիւն կը յառաջացնէ։ Եւ այն հիւթը ելլելով դէպի գլուխը, կը վերածուի քաղցր արցունքի՝ լեարդի քաղցրութեան պատճառով։ Իսկ երբ տրտմութիւն կը լսէ՝ մարմինը խուճապի կը մատնուի. եւ դառն մաղձը, որ լեղի է՝ կը հոսի բերնին մէջ. եւ հիւթը բարձրանալով դէպի գլուխը՝ կը վերածուի դառն արտասուքի՝ լեղիին պատճառով։ Տրտմեալին նաեւ բերանը կը դառնանայ եւ կը չորնայ. որովհետեւ չոր է եւ դառն. եւ երեսը կը տժգունի դեղնութեան պատճառով, եւ կապոյտը կարմիրին խառնուելով։ Այս բնական է։

Պէտք է գիտնալ որ հոգեւոր արցունքը երեք տեսակ է՝ մին մեղքերու համար՝ որ ապաշխարութիւնն է. երկրորդը՝ ընկերոջ համար՝ որ ողորմութիւն եւ առաքինութիւն է.

երրորդը՝ արքայութեան համար՝ որ երանութիւն է, ինչպէս կʼըսէ Աստուածաշունչը՝ ʼերանի անոնց որոնք կու լան երկնքի արքայութեան համարʼ։

Արցունքը նաեւ կը բռնադատէ զԱստուած ողորմութեան, ինչպէս զաւակները՝ իրենց մայրը։ Մէկը կʼերթայ մօր կողքը եւ հաց կʼառնէ, եւ միւսը պարզ խօսքով կը խնդրէ մօրմէ. եւ միւսը, մանուկ է եւ չէ կարող խօսիլ՝ միայն կու լայ. եւ մայրը կը գթայ արցունքներուն եւ անոր կերակուր կու տայ։ Նոյնպէս հրեշտակները կատարեալ որդիներ են եւ Աստուծմէ կʼընդունին առանց միջնորդութեան. եւ սուրբերը աղօթքով կը խնդրեն Աստուծմէ եւ կʼընդունին. իսկ մենք, ո՛չ ոտք եւ ո՛չ լեզու ունինք, այլ տհաս եւ տգէտ ենք. միայն արցունքով կը խնդրենք Աստուծոյ ողորմութիւնը, եւ Ան անպայման կը գթայ եւ կու տայ։

Դարձեալ կʼըսեն իմաստունները, թէ երկնքէն երկիր երկար տարիներու ճանապարհ կայ։ Իսկ աչքէն մինչեւ երեսը՝ կարճ ճանապարհ։ Երբ արցունքը կʼելլէ սակաւ ճանապարհ կտրելով՝ կը նուաճէ երկար տարիներու ճանապարհը։»

 








All the contents on this site are copyrighted ©.