2017-11-03 15:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին նոյեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ընթացիկ տարւոյս նոյեմբեր ամսուայ քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնը նուիրուած է Ասիական ցամաքամասին ու անոր ժողովուրդներուն բազմամշակոյթ ու բազմակրօն աւանդութիւններու իրականութեան։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը հրապարակեց պատգամ մը որուն մէջ ըսաւ.

Ինչ որ զիս կը տպաւորէ Ասիական ցամաքամասէն անոր ժողովուրդներու բազմազանութիւնն է, որոնք ժառանգորդներ են հինաւուրց մշակոյթներու, կրօններու եւ աւանդութիւններու։

Այս ցամաքամասին մէջ ուր Եկեղեցին փոքրամասնութիւն է, մարտահրաւէրը հրապուրիչ է։ Հարկ է կրօններու ու մշակոյթներու միջեւ խթանել երկխօսութիւնը։ Երկխօսութիւնը Ասիացի Եկեղեցւոյ առաքելութեան էական մասնիկն է։

Աղօթենք Ասիայի Քրիստոնեաներուն համար որպէսզի յառաջացնեն երկխօսութիւնը, խաղաղութիւնը ու փոխադարձ հասկացողութիւնը, յատկապէս այլ կրօններու պատկան անձերուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.