2017-11-03 11:44:00

Ֆրանչիսկոս Պապի քարոզը Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 3 նոյեմբեր 2017-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախագահեց Սուրբ Պատարագի արարողութեան, ընթացիկ տարուան մէջ վախճանած ծիրանաւորներու  ու Եպիսկոպոսներու հոգւոյն համար։  Այս առթիւ արտասանած քարոզին   սկիզբը Նորին Սրբութիւնը  մէջբերելով դանիէլ Մարգարէի խօսքը «Երկրի հողին մէջ քնացողներուն շատերը պիտի արթննան, ոմանք յաւիտենական կեանքի համար, ոմանք ալ նախատինքի ու յաւիտենական անարգանքի համար» (Դանիէլ 12, 2) հաստատեց. թէ «սոյն սուրբ գրային ընթերցումը զօրաւոր յոյս կը ներշնչէ արդարներու յարութեան նկատմամբ , աւելցնելով «Անոնք որոնք կը քնանան տարածաշրջանի փոշիներուն մէջ, այսինքն հողին մէջ, վստահաբար  մեռելներն են. մահէն արթննալը  ինքնիր մէջ կեանքի վերադարձ չէ . արդարեւ՝ ոմանք պիտի արթննան յաւիտենական կեանքին համար, ուրիշներ յաւիտենական նախատինքի համար։ 

Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած քարոզին մէջ դիտել տուաւ որ  «մահը վերջնական կը դարձնէ  այն «խաչմերուկը» որ արդէն հոս՝ այս աշխարհին մէջ մեր դիմաց կը գտնուի.  կեանքի ուղին, այսինքն  Աստուծոյ հետ հաղորդութեան առաջնորդող ուղին,  կամ մահուան ուղին՝ որ է Աստուծմէ հեռացնող ուղին։

Ապա  շեշտը դնելով այսօրուան սուրբ գրային ընթերցումին մէջ նշուած    «Շատեր» բառին վրայ , Նորին Սրբութիւնը յարեց թէ այդ «շատերը»  անոնք են որոնք յարութիւն պիտի առնեն յաւիտենական կեանքի համար  եւ որոնց համար   Քրիստոսի արիւնը թափեց։  

Սրբազան Հայրը ապա՝ անդրադարձաւ  այսօրուան   աւետարանին մէջ գրուած Յիսուսի պատգամին « ես եմ կենդանի հացը իջած երկինքէն, եթէ մէկը ուտէ այս հացէն յաւիտեան պիտի ապրի » (Յովհ 6, 51)

Ան ըսաւ  որ ասոնք բառեր են, որոնք մեզի յիշել կու տան  Քրիստոսի՝ խաչին վրայ զոհը։։  Յիսուս ընդունեց մահը,  փրկելու համար մարդիկ   որ Հայրը իրեն յանձնեց,  այդ մարդիկը որոնք մեղքի ստրկութեան մէջ մեռած էին։  Յիսուս   մեր եղբայրը եղաւ,   Ան մեր իրավիճակը  կիսեց՝մինչեւ մահ, իր սէրով կոտրեց  մահուան լուծը եւ մեզի բացաւ կեանքի դռները ։ Ճաշակելով իր մարմինը եւ արիւնը մենք կը միանանք իր հաւատարիմ սէրին, որ իր մէջ կը կրէ բարիին եւ չարին վրայ վերջնական յաղթանակի յոյսը, տառապանք եւ մահուան յաղթանակ ըսաւ  Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով որ Յարութեան նկատմամբ  մեր դաւանած  Հաւատքը,  մեզ կ՝առաջնորդէ՝ ըլլալու յոյսի մարդիկ եւ ոչ թէ յուսահատութեան,  կեանքի մարդիկ եւ ոչ թէ մահուան, որովհետեւ մեզի մխիթարանք կը հանդիսանայ յաւիտենական կեանքի խոստումը,  ամրապնդուած  Յարուցեալ Քրիստոսի հաղորդութեան մէջ։

Նորին Սրբութիւն եզրափակեց իր քարոզը դիտել տալով, որ  թէ Տէրը երբեք յուսախաբ չի ձգեր,  Աստուած հաւատարիմ է եւ մեր յոյս իր վրայ ապարդիւն չի նկատուիր։  Ան ապա  ննջեցեալ Կարդինալներու եւ եպիսկոպոսներուն համար հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի  մայրական բարեխօսութիւնը, որպէսզի անոնք  մասնակից դառնան  յաւիտենական խնճոյքին։  








All the contents on this site are copyrighted ©.