2017-11-03 08:13:00

Սպանական Դատարանը Կը Հրամայէ Կալանաւորել Քաթալոնիոյ 8 Նախարարներ


Սպանական դատարան մը հրամայեց կալանաւորել Քաթալոնիոյ պաշտօնազրկուած ութ նախարարներ:

Դատախազներ դատաւորէն պահանջած էին կալանաւորել քաթալոնական կառավարութեան 8 անդամները, որոնք Մատրիտի մէջ դատարան ներկայացած էին հարցաքննութեան համար:

Անոնք կ՛ամբաստանուին ըմբոստութեան, խռովարարութեան եւ պետական ֆոնտերու չարաշահումի յանցանքներով:

Սպանիոյ պետական դատախազը Քաթալոնիոյ նախագահ Քարլես Փուչտեմոնի եւրոպական ձերբակալման գիր մը պահանջեց: Ան նոյնպիսի պահանջ մը ներկայացուց նաեւ չորս քաթալան նախարարներու համար, որոնք դատարան չէին ներկայացած:








All the contents on this site are copyrighted ©.