2017-11-03 09:59:00

Սուրիական բանակը ամբողջութեամբ ազատագրած է Տէր Զօրը


Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ սուրիական բանակն ու անոր դաշնակիցները Տէր Զօրը ամբողջութեամբ առած են իրենց վերահսկողութեան տակ:

Դիտարանը կը նշէ, որ սուրիական բանակն ու անոր դաշնակիցները ռուսական օդուժին օժանդակութեամբ կրցած են «ռազմավարական յառաջխաղացք» մը արձանագրել` ամբողջութեամբ ազատագրելով Տէր Զօր քաղաքը, որ յուլիս 2014-ին դուրս եկած էր սուրիական բանակի վերահսկողութենէն:

Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանն ու միջազգային լրատուամիջոցներ հաստատեցին լուրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.