2017-11-02 11:28:00

Օր մեռելոցի առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛այցելէ Նեթունոյի Ամերիկեան գերեզմանը։


(Ռատիօ Վատիկան)Հինգշաբթի 2 նոյեմբեր 2017-ին Լատինաց մօտ օր մեռելոց է. Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, այս առթիւ.  յետմիջօրէի 3-ին, կ՛այցելէ  «Նեթունօ» քաղաքը  ուր Բ աշխարհամարտի ընթացքին ամերիկացի զոհուած զինուորներու նուիրուած  Ամերիկեան Գերեզմանին մէջ կը գլխաւորէ պատերազմներու զոհ ննջեցեալներուն հոգւոյն նուիրուած հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագը։

Նորին Սրբութիւնը Վատիկանէն կը մեկնի 13.50-ին ու Նեթթունոյի Ամերիկեան գերեզման կը ժամանէ 15-ին ուր նախ պահ մը կ՛ամփոփուի շիրիմներու մօտ ապա կ՛ուղղուի գերեզմանատան աւանդատուն ուր զինք կը դիմաւորեն Ալպանոյի Եպիսկոպոսը եւ Նեթթունօ ու Անցիօ քաղաքներու քաղաքապետերը, ապա տեղի կ՛ունենայ հոգեհանգստեան սուրբ պատարագը որուն աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛ողջունէ գերեզմանատան  աշխատաւորները ու 16.30-ին հրաժեշտ առնելով կ՛ուղղուի «Ֆոսսէ Արտէաթինէ» յուշահամալիր, վայրը՝ ուր առաջին աշխարհամարտի ընթացքին տեղի ունեցաւ  Նացիականներու կողմէ Իտալացի «ընդդիմադիրներու» դէմ գործադրուած սպանդը, 24 մարտ 1944-ին։

Ֆրանչիսկոս Պապ այնտեղ եւս պահ մը կ՛ամփոփուի ապա կ՛աղօթէ սպանդի զոհ անձերու շիրիմներու վրայ, հուսկ վերադարձ կը կատարէ Վատիկան ուր կ՛այցելէ Վատիկանեան գետնադամբանը, այնտեղ եւս ամփոփուելու ու աղօթելու ննջեցեալ Քահանայապետերու հոգւոյն հանգստեան համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.