2017-11-02 10:27:00

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս հովուապետական այցով Ժամանած է Մեքսիքօ


Գարեգին Բ․Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հոկտեմբեր 30-ին հովուապետական այցով ժամանած է Մեքսիքայի մայրաքաղաք Մեքսիքօ:

Օդակայանին մէջ Նորին Սրբութեանը դիմաւորեցին Մեքսիքայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արա Այվազեան, Մեքսիքայի Մարոնիտ Եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս Ճորճ Ապի Եունես, Մեքսիքայի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Տ․ Սասուն ծայրագոյն վարդապետ Զմրուխտեան, հայ համայնքի անդամներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգը:

Օդակայանէն Նորին Սրբութիւնը ուղեւորուեցաւ ՀՀ դեսպանատուն, հանդիպում ունեցաւ դեսպանատան աշխատակիցներուն հետ: Այնուհետեւ Հայոց Հայրապետը այցելեց Կուատալուփէի եկեղեցի, ուր տեղի հոգեւորականներու հետ աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած: Ան հանդիպեցաւ նաեւ Մեքսիքոյի քաղաքապետ Միկել Անխել Մանսեռային:

Այնուհետեւ Մեքսիքոյի կաթոլիկ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական աղօթք, որուն ներկայ էին Մեքսիքայի քարտինալ Նորպերթօ Ռիվերա Կառեռան, պապական նուիրակը, քոյր Եկեղեցիներու եւ պետական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ հաւատացեալներ: Արարողութեան ընթացքին քառաձայն գեղեցիկ երգեցողութեամբ հանդէս եկաւ ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ երգչախումբը: Նորին Սրբութիւնը հանդէս եկաւ պատգամով` Հայրապետական իր օրհնութիւնն ու ողջոյնը բերելով ներկաներուն եւ ցաւ յայտնեց վերջերս Մեքսիքոյին պատուհասած երկրաշարժի կապակցութեամբ: Հայոց Հայրապետը քաջալերութիւն ու մխիթարութիւն մաղթեց Մեքսիքայի ժողովրդին եւ աղօթեց զոհուածներու հոգիներու հանգստութեան համար:

Արարողութենէն ետք կաթողիկոսը այցելեց Մեքսիքոյի «Յիշողութեան եւ հանդուրժողականութեան թանգարան», ուր ներկայացուած են 20-րդ դարու ցեղասպանութիւններու, որոնց մէջա նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող ցուցանմուշներ: Թանգարանի հանդիսութիւններու սրահին մէջ ընդունելութիւն կազմակերպուած էր Մեքսիքոյի հայ համայնքին կողմէ:

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ՀՀ դեսպան Արա Այվազեան, քաղաքային իշխանութիւններու եւ քոյր Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ: Բարիգալստեան խօսք ըսաւ ՀՀ դեսպանը: Համայնքի անդամները հանդէս եկան ողջոյնի խօսքերով` իրենց խանդավառութիւնն ու ուրախութիւնը յայտնելով Վեհափառ Հայրապետի այցելութեան առիթով: Նորին Սրբութիւնը ողջունեց այս հանդիպման քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու, պետական այրերու ներկայութիւնը, իր օրհնութիւնը բերաւ հայ համայնքին` արտայայտելով իր ուրախութիւնն ու ջերմ տպաւորութիւնները այցելութեան առիթով: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մաղթեց մեքսիքահայութեան հաստատուն մնալ իրենց եկեղեցանուիրման ու ազգանուիրման առաքելութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.