2017-11-01 12:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը՝ զանազան երկիրներու մէջ ահաբեկչական արարքներուն ի տես։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 1 նոյեմբեր 2017-ին Ամենայն Սրբոց տօնին առթիւ արտասանած Մարեմեան աղօթքին ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալները, յատուկէն յիշեց վերջին օրերուն Սոմալիայի, Աֆղանիստանի եւ երէկ՝ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցող ահաբեկչական յարձակումները ու իր խոր վիշտն ու ցաւը յայտնելով, դատապարտեց բռնութեան արարքները, վստահեցնելով իր աղօթքները՝ զոհերուն, վիրաւորներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար։

Հայցենք Տիրոջմէ որ դարձի բերէ ահաբեկներուն սրտերը ու աշխարհը ազատագրէ ատելութենէն ու մարդասպան յիմարութենէն որ կը շահագործէ Աստուծոյ անունը՝ մահ սերմանելու համար ։   








All the contents on this site are copyrighted ©.