2017-11-01 12:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Ամենայն Սրբոց տօնին առթիւ Մարեմեան աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի՝ 1 նոյեմբերին կը յիշատակուի Ամենայն սրբոց տօնը։ Սոյն տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուց օրուան տօնին մասին խորհրդածութիւն մը հաստատելով թէ՝ սուրբերը մեր եղբայրներն ու քոյրերն են, որոնք ընկալեցին Աստուծոյ լոյսը իրենց սրտին մէջ ու զայն փոխանցեցին աշխարհին, իւրաքանչիւրը սեփական «եռանքով»։  Անոնք եղան թափանցիկ ու պայքարեցան մեդքի խաւարին դէմ, թոյլ տալով որ Աստուծոյ լոյսը շողայ։ «Այս է ահա նաեւ մեզի համար կեանքի նպատակը» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով օրուան աւետարանը որ քաղուած էր Մատթէոսի աւետարանէն ուր կը խօսուի երանութիւններու մասին։

«Յիսուսի Աւետարանը բարի աւետիսն է ՝ ճանապարհը որ կը տանի երջանկութեան» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ «Այն որ Յիսուսին հետն է երջանիկ է եւ ասոր համար է որ երանի են, հեզերը, խոնարհները, լացողները, արդարութեան համար պայքարողները, ողորմածները ու անոնք որոնք կը գործեն ի սպաս խաղաղութեան, ու չարին կը համապատասխանեն բարութեամբ»։

«Երանութիւնները չեն պահանջեր  արտասովոր արարքները, այլ առօրեայի ապրումներ» յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը վերահաստատելով թէ «այսօր ընտանեկան տօն մըն է, տօնն է մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն որոնք կ՛ապրին պարզութեան մէջ ու Աստուծոյ հետ կը համագործակցին յառաջ տանելու համար աշխարհը»։ Ան ապա խօսքը կեդրոնացուց երկու երանութիւններու վրայ՝ երանի հոգիով աղքատներուն ու երանի անոնց որոնք կը մեռնին Տիրոջ մէջ, ապա հրաւիրեց երախտագիտութեամբ յիշել ու աղօթել մեր ննջեցեալ սիրելիներուն համար ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով որ Աստուածամայրը բարեխօսէ մեր սրբութեան ուղեւորութեան համար ու մեր սիրելիներուն համար որոնք մեզ կանխեցին՝ Երկնային հայրենիք։ 

Մարեմեան աղօթքէն ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները յատուկէն ողջունելով «սուրբերու արշաւը» ծրագրին մասնակցող մազիկները, ապա հրաւիրեց հաւատացեալները  աղօթքով իրեն ընկերանալու  վաղը՝ երբ պիտի այցելէ Նեթթունոյի ամերիկեան գերեզմանը այնտեղ աղօթելու՝պատերազմներու ու բռնութեան զոհերուն համար։

«Բոլորիդ կը մաղթեմ բարի տօն՝ Սուրբերու ընկերակցութեամբ, ու կը խնդրեմ մի մոռնաք աղօթել ինծի համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաժեշտ առնելով ներկաներէն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.