2017-11-01 10:32:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Աստուածային Համբերութիւնը …

Մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ տարբեր սահմանում տալ համբերութեան մասին.  որովհետեւ մարդկային տրամադրութենէն, բնաւորութենէն, խառնուածքէն ու վերջին հաշուով՝ կենսունակութենէն կախեալ է այդ երեւոյթին սահմանումը:

Մարդը քանի՞ վայրկեան կրնայ համբերել:

Համբերութեան նկատմամբ, մարդ էակը իր զգացողութիւնը ունի, որուն համաձայն գիտէ երկարաձգել կամ  սեղմել համբերութեան ժամանակամիջոցը:

Այսքան քմահաճ առաձգականութիւն ունեցող մարդկային համբերութեան դիմաց, զարմանալիօրէն ինչքա՜ն լայնաշունչ է Աստուծոյ համբերութիւնը: Ղուկասու Աւետարանին մէջ «Անպտուղ թզենիին» առակը արձանագրուած կը գտնենք, ուր կը խօսուի Աստուծոյ համբերութեան մասին: Այգիին տէրը կը բողոքէ այգեպանին, ըսելով, թէ երեք տարիներէ ի վեր կու գայ պտուղ քաղելու, սակայն ծառը պտղաբերութեան ոչ մէկ նշան ցոյց կու տայ: Ուստի, անոր անարդիւնաւորութիւնը տեսնելով, այգեպանին կը թելադրէ, որ կտրէ զայն, որպէսզի զուր տեղ հողամաս չգրաւէ այգիին մէջ: Խղճամիտ այգեպանը սակայն, իր վրայ առնելով զայն խնամելու յաւելեալ աշխատանք մը, կը համոզէ իր տէրը, որ տարի մը եւս թոյլատրէ իրեն ծառին շուրջբոլորը փորելու, պարարտացուցիչ աղբ դնելու, յուսալով, որ յաջորդ տարի ծառը պտղաւորուի: Այլապէս, կ’ըսէ, գալ տարի կտրէ զանիկա:

Առակին ամէն մէկ բառը ինքնին վերլուծման դուռ կը բանայ, համբերութեան երեւոյթը առաւել եւս յստակ դարձնելով մեր աչքին, որ սոյն առակին հիմնական մտածումը կը կազմէ: Երեք տարիները, որոնք յիշուած էին, եւ այն չորրորդն ալ, որ կ’աւելնայ անոնց վրայ, արդէն իսկ ժամանակ մը կ’ենթադրեն, որ համբերութեան առումով բաւական երկար միջոց մըն է: Մեր մարդկային տրամադրութիւնները քննելով, համբերութիւնը վայրկեաններու հարց է, եթէ ոչ՝ երկվայրկեաններու: Երբեմն հազիւ կրնանք համոզել անձ մը, իր մէկ անհամբերութեան միջոցին, որ գէթ մէկէն մինչեւ տաս հաշուէ, իբրեւ համբերութեան կարճ ժամանակ մը: Բայց եթէ գիտնայինք, որ այդ թզենին մենք իսկ ենք եւ այգիին տէրը Աստուած ու այգեպանը Քրիստոս ինք, ինչքան պիտի ամչնայինք մեր՝ իրարու նկատմամբ անհամբերութիւնները կամ անհանդուրժողութիւնը նկատի ունենալով:

Աստուած մեզմէ շատերուն ամբողջ մանկութեան ընթացքին համբերած է, ուրիշներուն՝ գումարած երիտասարդութեան օրերը, իսկ այլոց՝ նաեւ ծերութեան օրերը: Ահա երեք տարիներու խորհրդանշական իմաստը, որ մարդկային կեանքի երեք հանգրուաններն են՝ մանկութիւնը, երիտասարդութիւնը եւ ծերութիւնը: Իսկ յաւելեալ չորրորդ տարին, արդէն իսկ շնորհք մըն է Աստուծոյ կողմէ, որ կը խորհրդանշէ այն յաւելեալ ճիգը, որ այգեգործը՝ Քրիստոս ինք, կը կատարէ ՜՜մեր փրկութեան ի խնդիր՝՝ յուսալով, որ փրկութեան արժանի պտուղ կու տանք: Իսկ թէ ի՞նչ են այդ պտուղները, գաղատացիներուն ուղղուած նամակին հեղինակ առաքեալը հերթով կը թուէ զանոնք. Սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, երկայնամտութիւն, բարութիւն, հաւատք, հեզութիւն, ժուժկալութիւն (հմմտ. Գղ. 5. 22-23):

Յիսուսի  խօսքը ուղղուած էր  բոլոր ժամանակներուն ապրող մարդկութեան: Այդ ցուցնելու համար Յիսուս կը պատմէ «Անպտուղ թզենի»ին առակը, իսկ Յովհաննէս Մկրտիչ աւելի յստակ կերպով կ’ըսէ. «Ամէն ծառ, որ բարի պտուղ չի տար, կը կտրուի» (հմմտ. Մտ. 3.10), շեշտելով նաեւ, որ ահա կացինը ծառերուն արմատներուն քով դրուած է արդէն:

Ոմանց համար շփոթ, ուրիշներու համար գայթակղեցուցիչ, այլոց համար խրտչեցուցիչ, իսկ ոմանց համար ալ ոչ միայն անզուգական այլ նաեւ անփոխարինելի բառ է ապաշխարութիւնը: Ստուգաբանօրէն «աշխարհէ հրաժարիլ» իմաստ ունեցող այս պարզ ու քաղցր բառը, ծայրայեղ կրօնամոլներու եւ միջին դաստիարակութեամբ կրթուած անձերու հայեցողութեամբ, կը դառնայ բանալին, պայմանը, միակ միջոցը, -իբրեւ բառ-, Աստուծոյ արքայութեան ժառանգորդ դառնալու:

Ապաշխարութիւն բառը մասնաւոր արարքի մը հետ առնչելու բռնազբօս մօտեցումը բառը կը պարպէ իր հոգեւոր ու վեհ իմաստէն, զայն վերածելով սոսկ այս աշխարհին մէջ ի գործ դրուող այլ արարքներէն մէկուն նման խօսքով կիրարկուող մեքենական երեւոյթի մը: Այն ապաշխարութիւնը, որ Քրիստոս ինք կը ամէն ժամանակներուն ապրող մարդոցմէ՝ որակաւոր կեանքի տեսակ մըն է, Աստուծոյ հայեցողութեամբ աստուածահաճոյ կեանք մը, որուն պտուղները թուեցինք արդէն: Ապաշխարութիւնը ընթացք մըն է կեանքի եւ այդ ճամբուն վրայ ամէն անգամ իյնալուն դարձեալ վերականգնելու կամքը, մարդուն համար մեծ առաքինութիւն կը նկատուի: Իսկ այդ ճամբուդ ընթացքին ուղեկից մը ունիս, որ է Աստուած, որ միշտ պատրաստ է թեւէդ բռնելու, տկարութիւններուդ, յուսահատութիւններուդ, սայթաքումներուդ ու անհաւատարմութիւններուդ պահերուն: Եւ այդ զոհողութիւնը, հակառակ որ չես արժեր իբրեւ մարդ, Աստուած կը կատարէ մե՜ծ հանդուրժողութեամբ, համբերութեան լա՜յն ու աննկարագրելի շունչով մը:

Թզենիին համար 3 տարի համբերեց ան: Վստահ եղիր, որ եթէ 300 տարի ապրելու կեանք ունենայիր, Աստուած պատրաստ պիտի ըլլար այդ ամբողջ տարիներուն ընթացքին համբերելու բոլոր սխալներուդ, ուղղելու համար քեզ ու անպայման պտղաբեր դարձնելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.