2017-10-31 10:36:00

Քահանայական ձեռնադրութիւն՝ Սարկաւագ Ռիչըրտ Շաքըլին։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ՝ 29 հոկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրսէյի Յիսուսի Սուրբ Սրտին նուիրուած  Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ Արհ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանի նախագահութեամբ մատուցուած Սուրբ պատարագի ընթացքին,  Քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացաւ Սարկաւագ Ռիչըրտ Շաքըլ։

Սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւն բերին տեղւոյն ժողովրդապետ Հայ Գէորգ Վարդապետ Գալուսիէ, Լոս Անճելըսէն՝ Հայր Արմենակ  վրդ Պետրոսեան, Պոսթոնէն Հայր Անտոն Ծ. Վ. Ադամեան եւ Գանատայէն Հայ Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեան, ինչպէս նաեւ այլ յարանուանութիւններու պատկան տասնեակ եկեղեցականներ։

Եկեղեցին ծայրէ ծայր լեցուն էր հաւատացեալներով, որոնց շարքին ձեռնադրեալ քահանային կինը ու անոր վեց զաւակները, Մայրը, հարազատներն ու  բարեկամները, որոնք ուշի ուշով հետեւեցան ձեռնադրութեան տպաւորիչ արարողութեան։ Յուզիչ էին այն պահերը երբ ձեռնադրիչ Եպիսկոպոսը Քահանայական կարգը շնորհեց խորանին առջեւ ծունկի եկած սարկաւագին՝ հայրական խրատաբանութեամբ ու հոգեպարար աղօթքներով անոր վրայ ձեռք դնելով ու զայն զգեստաւորելով եւ ապա անոր վրան Սուրբ Հոգին  փչելով։ Շատերուն յուզմունքը մեծ եղաւ երբ նորօծ Տէր Հայրը իր անդրանիկ օրհնութիւնը ջամբեց ներկաներուն։

Պատարագի Սուրբ Զոհի աւարտին՝ ներկաները մօտեցան Տէր Ռիչըրտ Քահանայ Շաքըլին, զինք շնորհաւորելու եւ միւռոնաբոյր ափերը համբուրելու։

Արարողութիւնը աւարտեցաւ նորօծ Տէր Հօր ի պատիւ սարքուած կոկիկ ճաշկերոյթով։








All the contents on this site are copyrighted ©.