2017-10-31 12:08:00

Ցորենի հատիկը պտղաբեր է երբ կ՛իյնայ պարարտ հողին մէջ. Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) Աճեցնելու համար Աստուծոյ Արքայութիւնը պէտք է քաջութիւնը ունենանք ցորենի հատիկը ցանել ու թթխմորը շաղել։  Մինչ յաճախ կը նախընտրենք «պահպանողական հովուական խնամակալութիւնը»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին քարոզին առանցքը արտասանուած այսօր՝ երեքշաբթի 31 հոկտեմբերի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին։

Մեկնաբանելով Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած աւետարանական հատուածը ուր Յիսուս երկնքի Արքայութիւնը կը նմանեցնէ ցորենի հատիկին ու թթխմորին (Ղուկաս 13- 18-21), Ֆրանչիսկսո Պապ դիտել կու տայ թէ ըլլայ ցորենը ըլլայ թթխմորը փոքր են, սակայն իրենց մէջ ունին մեծ կարողութիւն։ Այսպէս է նաեւ Աստուծոյ Արքայութիւնը՝ անոր կարողութիւնն ու ուժը ներքինէն կը բխին – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, մատնանշելով նաեւ քրիստոնէական յոյսին՝ որ է պարգեւ մը Սուրբ Հոգւոյն, որ մեր մէջ կը գտնուի ու մեզի կը շնորհէ ներքին այն ուժը որ մեզի կու տայ Աստուծոյ Արքայութեան լիութեան յոյսը։

Սրբազան Հայրը հուսկ ակնարկեց Եկեղեցւոյ ուղեւորութեան ու այդ ուղեւորութեան շրջագիծն ներս անոր ցուցաբերած քաջութեան՝ ցանելու ցորենի հատիկը ու շաղելու թթխմորը։ Եկեղեցին, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, յաճախ քաջութիւն ունեցաւ մէկն ու միւսը ընելու սակայն եղան ժամանակներ որ Ան վախի մէջ գտնուեցաւ ու այդ պահերուն է որ նախընտրուեցաւ «պահպանողական հովուականութիւնը» որ արգելք եղաւ Արքայութեան աճումին։

Յոյսն ալ յաճախ փոքրիկ է, ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը, սակայն յոյսը երբեք հիասթափում չի յառաջացներ ու ան հատիկի ու թթխմորի նման կ՛աճի, հաստատեց Ան, ու քարոզը եզրափակեց  հրաւիրելով հաւատացեալները հարց տալու՝ եթէ կը հաւատան թէ իրենց մէջ կայ յյոյսը ու թէ այնտեղ կը գտնուի Սուրբ Հոգին որուն հետ զրուցել։








All the contents on this site are copyrighted ©.